Թուրքիոյ նախագահական աշխատակազմի հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն երկրի նախագահական նստավայրին մէջ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած Բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարած է, որ նիստի ընթացքին քննարկուած են «1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ Թուրքիոյ ուղղուած անհիմն մեղադրանքներուն դէմ պայքարին մէջ նախատեսուող քայլերը»: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ Ալթունի, սեղանին վրայ դրուած է 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ Թուրքիոյ դէմ «անհիմն մեղադրանքներու դէմ պայքարին ուղղութեամբ նախատեսուող քայլերը»:
Էրտողան անդրադառնալով ՀՅԴ Հայ դատի մարմիններուն կողմէ կատարուող աշխատանքին յայտարարած էր. «Աղաւաղուած պատմական դէպքերու վերաբերեալ թշնամութեան սերմերը ճշմարտութեան հողի վրայ ծլելու որեւէ կարելիութիւն չունին»:
Ժողովին ընթացքին նշուած է, որ «բոլոր օսմանցիներուն համար ատիկա շատ դժուար եւ ցաւալի շրջան էր, որուն շուրջ տարբեր շրջանակներ կը փորձեն կեղծիք եւ մեղադրանքներ աճեցնել` քաղաքական նպատակներու համար»:
«Թուրքիան եւ մեր ազգը վարկաբեկելու համար 1915 թուականի դէպքերը իբրեւ գործիք օգտագործող հայկական լոպիի եւ այդ նիւթը իրենց քաղաքական շահերու համար օգտագործող պետութիւններու ապօրինի քարոզչութեան դէմ դնելու համար ժողովին ընթացքին քննարկուած են համապարփակ քայլերը, միջազգային ընտանիքը իրականութեան ծանօթացնելու ուղղուած ծրագիրները եւ այլն»:
Ժողովին մասնակցած են նախապէս Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահի եւ մշակոյթի նախարարի պաշտօնը վարած Իսմայիլ Քահրամանը, երկրի ամէնէն հեղինակաւոր դէմքերէն Պիւլենթ Արընչը, որ եղած է խորհրդարանի նախագահ, փոխվարչապետ եւ կը նկատուի իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին նախագահներ Ճեմիլ Չիչեքը, Քէօքսալ Թոփթանը, Մեհմեթ Ալի Շահինը (դարձեալ իշխող կուսակցութեան հիմնադիրներէն), նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի նախագահ Եըլտըրըմ Աքպուլութ եւ ուրիշներ: