Հիւսիսային Քորէայի բանակի սպայակոյտը յայտարարած է, թէ կրնայ զօրք մտցնել քորէական թերակղզիի ապառազմականացած համարուող տարածքներ, որոնք այդպիսի կարգավիճակ ստացած են Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներու միջեւ կնքուած համաձայնագիրներով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Հիւսիսային Քորէայի լրատու գործակալութիւնը:
Սպայակոյտի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Հիւսիսային Քորէայի բանակը անմիջապէս եւ հետեւողականօրէն պիտի գործադրէ կուսակցութեան եւ կառավարութեան որեւէ հրահանգ:
«Մենք ստացած ենք կուսակցութեան դիրքորոշումը` քննարկելու համար գործողութիւններու ծրագիր մը, որով բանակը դարձեալ մուտք կը գործէ միջքորէական համաձայնագիրներով սահմանուած ապառազմականացած գօտի եւ քայլերու կը ձեռնարկէ ռազմաճակատը ամրոցի վերածելու, Հարաւային Քորէայի նկատմամբ ռազմական զգօնութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ», յայտարարած է սպայակոյտը:
2018-ին երկու քորէաներու ղեկավարները համաձայնագիր ստորագրած էին` կողմերու միջեւ թշնամանքի ջնջման եւ համագործակցութեան վերաբերեալ: Սակայն, վերջին շրջանին, երկկողմանի յարաբերութիւնները դարձեալ լարուած են, որովհետեւ հակառակ Փիոնկիանկի զգուշացումներուն, հարաւային քորէացի գործիչները սահմանին վրայ դէպի Հիւսիսային Քորէայի տարածք արձակած են օդապարիկներ, որոնց վրայ քարոզչական կարգախօսեր փակցուած են:
Հարաւային Քորէայի մէջ միութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Հիւսիսային Քորէան պայթեցուցած է երկու քորէաներու հաղորդակցութեան գրասենեակը: Նախքան այդ «Եոնհափ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, թէ Քայսունկ քաղաքին մէջ Հիւսիսային Քորէայի հետ սահմանին վրայ պայթում մը տեղի ունեցած է: