Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-լիկա»-ի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, տպաւորիչ յաղթանակով մը վերսկսաւ ընդմիջուած ախոյեանութիւնը, երբ 28-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ 4-0 արդիւնքով յաղթանակով վերադարձաւ Մայորքայի դաշտէն:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին՝ Արթուրօ Վիտալ (2-րդ), Մարթին Պրէյթուէյթ (37-րդ), Ժորտի Ալպա (73-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (90+3-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, քաթալոնիական կազմը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 61 կէտ:
Իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց մայրաքաղաքի կազմը՝ Ռէալ Մատրիտ, որ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրին՝ Էյպարին: Ռէալի կոլերը նշանակեցին՝ Թոնի Քրուս (4-րդ), Սերճիօ Ռամոս (30-րդ) եւ Մարսելօ (37-րդ): Նշենք, որ Ռէալ այժմ ունի 59 կէտ:
Այլ մրցումի մը ընթացքին, Աթլեթիք Պիլպաօ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին՝ Աթլեթիքօ Մատրիտին հետ:
Նշենք, որ 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, վաղը՝ երեքշաբթի, Պարսելոնա ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը հիւրընկալէ Լեկանեսին: