Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Clutch Chess International» ճատրակի առցանց մրցաշարքին, թէեւ իր ելոյթները կը շարունակէ, սակայն կիսաւարտական հանգրուանի վեց մրցումներէն ետք,ան այժմ ` 6-2 արդիւնքով կը զիջի աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընէն:
Անոնց միջեւ երեք ճակատումները աւարտեցան հաւասարութեամբ, մինչ մնացեալ երեքը աւարտեցան Քարլսընի յաղթանակով:
Անոնց միջեւ տեղի պիտի ունենան վեց այլ ճակատումներ ալ:
Այս առցանց մրցաշարքը իր աւարտին կը հասնի յառաջիկայ 14 յունիսին: Իսկ անոր մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ՝ 265 հազար ամերիկեան տոլար: