Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է 2019 թուականին տարբեր երկիրներու մէջ կրօնական ազատութիւններու վերաբերեալ զեկուցումը, որուն մէջ դարձեալ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններուն վրայ:
Զեկուցումին մէջ տեղ գտած է Պոլսոյ հայոց 85-րդ պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանի ընտրութեան հոլովոյթին մէջ պետական միջամտութիւնը, որուն մասին կ՛ահազանգէին պոլսահայ գործիչները:
Բացի ատկէ, մտահոգիչ են նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններու, մասնաւորաբար յոյներու եւ հայերու կրթութիւն ստանալու խնդիրները:
Զեկուցումը կ՛անդրադառնայ նաեւ վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին քննարկուող Ս. Սոֆիա տաճարը դարձեալ մզկիթի վերածելու հարցին, որ դժգոհութիւններ յառաջացուցած է յատկապէս յոյներուն մօտ:
Զեկուցումը նաեւ կը յիշեցնէ անցեալ տարի թրքական «Էյ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի ընկերութեան կրօնական գործիչ եւ հաղորդավար Նիհաթ Հաթիփօղլուի կողմէ Արթուր անունով 13 տարեկան հայ երեխայի` ուղիղ պատկերասփռումով կրօնափոխութեան ցաւալի դէպքը: