Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ռուսիոյ ազգային տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին:
Հանրապետութեան նախագահը շատ նշանակալի նկատեց այդ օրը, որ շրջադարձային կէտ է երկրի պատմութեան մէջ, նաեւ սերտօրէն կապուած է Ռուսիոյ քաղաքացիներու բարեկեցութեան աճին վերաբերող խորքային վերափոխումներուն:
«Գոհունակութեամբ կ՛արձանագրեմ, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերութիւնը, դաշնակցային յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են մեր երկիրներու ժողովուրդներու բազմադարեան եղբայրական կապերուն վրայ, անշեղօրէն կ՛ամրապնդուին եւ կ՛ընդգրկեն մեր համագործակցութեան ամբողջ ծիրը քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ: Այդ ռազմավարական համագործակցութեան հիմքը եղած է եւ հետագային ալ միշտ պէտք է ըլլայ մեր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան բարձր մակարդակը», շեշտեց նախագահ Սարգսեան:
Ըստ անոր, այսօր կարեւոր նշանակութիւն կը ստանայ երկու երկիրներու կապերու խորացումը շրջանային տնտեսական ծրագիրներուն մէջ, մասնաւորաբար` բարձր արհեստագիտութեան, արհեստական բանականութեան եւ նորարարութիւններու, պարէնային անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մշակութային, մարդասիրական եւ կրթական ծրագիրներու ընդլայնումը: