Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ռեմոն Խաթթարի եւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու կամաւորներուն մէկ պատուիրակութեան հետ քննարկեց քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը ամրագրելու կարելիութիւնները:
Վարչապետ Տիապ խոստացաւ հետապնդել Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը ամրագրելու թղթածրարը եւ զօրակցիլ անոնց:
Նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ գումարելու այլ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին խնդրոյ առարկաներուն հետ աշխատանք պիտի տարուի` յարմար լուծումներ գտնելու: