Թունուզի խորհրդարանը դէմ քուէարկեց բանաձեւի մը, որ Ֆրանսայէն կը պահանջէ Թունուզէն պաշտօնապէս ներում հայցել` գաղութատիրութեան ու անոր յաջորդող փուլին համար:
Նախքան քուէարկութիւնը, երեսփոխանները բուռն կերպով վիճեցան Քարամէ երեսփոխանական պլոքին կողմէ ներկայացուած բանաձեւին շուրջ: 217 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին կողմէ բանաձեւի վաւերացման համար հարկ էր առնուազն 109 քուէ, սակայն աւելի քան 15 ժամ տեւած քննարկումներէն ետք միայն 77 երեսփոխաններ թեր քուէարկեցին, իսկ հինգ ուրիշներ` դէմ:
19 երեսփոխաններէ բաղկացած Քարամէ երեսփոխանական պլոքի բանաձեւը կը պահանջէր. «Ֆրանսական պետութեան կողմէ հրապարակումը թունուզցի ժողովուրդէն ներման պաշտօնական հայցի մը 1881 թուականէն ի վեր անոր գործած ոճիրներուն համար. այդ ներողութիւն յայտնելը պիտի փակէ երկու պետութիւններուն պատմութեան սեւ էջը»:
Պլոքը նաեւ կը թուէ այդ ոճիրները. «Սպանութիւն, ահաբեկում, չարչարանք, բռնաբարութիւն, բռնի տեղահանութիւն, բնական հարստութիւններու թալան»:
Բանաձեւը ֆրանսական պետութենէն կը պահանջէ փոխհատուցում կատարել տուժածներուն, նաեւ այդ փուլին վերաբերող ամբողջ արխիւը դնել թունուզցի հետազօտողներուն տրամադրութեան տակ: