Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Կախարիան յայտարարած է, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակային իրավիճակի եւ ճգնաժամի կառավարման առումով Վրաստանը աշխարհի ամէնէն յաջողակ երկիրներէն է, եւ միջազգային ընտանիքը կ՛ընդունի այդ փաստը: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Քվիրա» կայքը:
«Մենք տքնաջան աշխատած ենք զբօսաշրջութեան ոլորտի վերականգնումը արագացնելու ուղղութեամբ, տնտեսութեան նախարարութիւնն ալ շատ մեծ աշխատանք տարած է: Ինչպէս յայտնի է, Վրաստանը այսօր աշխարհի ամէնէն յաջողակ երկիրներէն է համաճարակային իրավիճակի եւ ճգնաժամի կառավարման առումով: Միջազգային ընտանիքը կ՛ընդունի այդ փաստը, եւ շատերը Վրաստանը յայտարարած են առաջին եւ լաւագոյն զբօսաշրջային ուղղութիւններէն մէկը», յայտարարած է Վրաստանի վարչապետը:
Նշենք, որ Վրաստանի մէջ, վերջին տուեալներուն համաձայն, արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 818 պարագայ, վարակման պատճառով մահացած է 13 մարդ: