Մարդկային իրաւանց Սուրիական դիտարանը «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց, թէ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կը գործեն թրքական գաղտնի սպասարկութեան հետ համակարգումով:
Դիտարանը նաեւ նշեց, թէ այդ անդամները Թուրքիոյ հաշուոյն վարձկաններ կը զինուորագրեն` Լիպիոյ մէջ կռուելու համար: