Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց տնտեսական ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Հասսան Տիապ, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի, ինչպէս նաեւ տնտեսական խորհրդատուներ Շարպել Քըրտահի, Ժորժ Շալհուպ, Հանրի Շաուուլ եւ Թալալ Սալման:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կատարուելիք բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Համաձայնութիւն գոյացաւ Միջազգային դրամական ֆոնտին ներկայացուելիք գումարներուն շուրջ:
Ներկաները համախոհ գտնուեցան, որ կառավարութեան տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին մէջ նշուած թիւերը պէտք է ըլլան ճշգրիտ մեկնարկը` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները շարունակելու: