Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտարարեց. «Բանտարկեալներու վերջին փոխանակման համար Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ տեղի չունեցան: Զուիցերիան էր փոխանակման գործողութեան պատասխանատուն եւ Զուիցերիան է, որ կը ներկայացնէ Իրանի մէջ Միացեալ Նահանգներուն շահերը»:
«Եթէ զուիցերիական կառավարութիւնը պատրաստ է, ապա մենք պատրաստ ենք անոր միջոցով փոխանակման գործողութիւն կատարելով ազատ արձակելու Միացեալ Նահանգներուն մօտ արգելափակուած իրանցիներն ու զանոնք իրենց հայրենիքը վերադարձնելու», ըսաւ Մուսաւի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց. «Ամերիկայի ներքին հարցերը մեզի համար շատ կարեւոր չեն: Իրանի համար կարեւորը ամերիկեան տարբեր կառավարութիւններու վարմունքն է, եւ դժբախտաբար վերջին տարիներուն չտեսանք քայլ մը, որ Իրանի եւ իրանցի ժողովուրդին մօտ Ամերիկայի նկատմամբ վստահութիւն կ՛ապահովէ»: