5 յունիսին տեղի ունեցած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) քաղաքական խորհուրդի հրատապ նիստը, որ վարած է կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը:
Ելոյթի սկիզբը Ծառուկեան նշած է, որ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը պարտադրած է այսօր հանդէս գալ սթափ գնահատականներով եւ ներկայացնել ելքեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման վերաբերեալ:
«Գիտէք, որ կառավարութեան առիթ տրուած էր, որ իրենք կարենային ժողովուրդին սպասելիքները իրականացնել, այսինքն` իրենց խոստումները, որ տուած էին ժողովուրդին, եւ որոնց հիման վրայ իրենք իշխանութիւն դարձան: Մենք նոյնպէս աջակցած ենք այդ փոփոխութիւններուն, որ կարենանք ատիկա իրականութիւն դարձնել, եւ վստահաբար առիթ կար ժողովուրդին սպասելիքը իրականութիւն դարձնելու: Բայց երբ ստեղծուեցաւ իրենց կառուցուածքը, ծրագիրը, կազմը, ես ըսի, որ այդ կազմով կարելի չէ այս խոստումներն ու սպասելիքները իրականացնել: Հիմնական խնդիրը այն է, որ այդ կազմին մէջ կան մարդիկ, պատասխանատուներ, կառավարիչներ, որ իրական կեանքին մէջ քարը քարին չեն դրած, ոչ մէկ ոլորտ ղեկավարած են, կայ փորձառութեան պակաս, եւ ատիկա հասկնալի էր, որ իրականութիւն պիտի չդառնար: Կրնաք նայիլ` ես ատիկա ըսած եմ 1 տարի, մէկուկէս տարի առաջ, որ ժողովուրդը փորձադաշտ չէ, պետութիւնը փորձադաշտ չէ, եւ որ պէտք է ըլլան փորձառու, մասնագիտական արդիւնք ցոյց տուած մարդիկ, եւ կապ չունի կուսակցական պատկանելիութիւնը, կամ իրարու հետ քալելու խնդիր չկայ: Ես այն ժամանակ ըսած եմ, որ անկարելի է այդ սպասումները իրականացնել, եւ որ պէտք է 97 առ հարիւրը փոխել. այսօր տեսնելով այս ձախողութիւնները, կրնամ ըսել, ոչ թէ 97, այլ 100 առ հարիւրը պէտք է փոխուի, որովհետեւ բոլոր ոլորտները ձախողած են», ըսաւ Ծառուկեան:
Ծառուկեան կոչ ուղղեց Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի բոլոր առողջ քաղաքական ուժերուն համախմբուելու:
New National Project, IF SINCERE, ANY MEMBER WITHOUT EXCEPTION, MUST GIVE LIFE OATH for ONLY NATIONAL ARMENIA, Without Foreign “ISM” INFLUENCE and BACKING..ONLY “ARMENIA FIRST” BASIS..RETURN ALL VITAL NATIONAL RESOURCES BACK, as, ORIGINALLY STARTED. Billionaires Return BACK ALL OUTSIDE EXPORTED MONEY,OBEY NEW LAW and ORDER, NO TO “SACRIFICING” ARMENIA FOREVER by Lenin Stalin Project. EVEN BUY BACK RESOURCES WITH STOLEN MONEY..NEW CONSTITUTION BASED ONLY NATIONAL,INDIVIDUAL, RIGHTFUL, PROTECTION.. SIGNED and SEALED PREDETERMINED IRREVOCABLE PUNISHMENT Acceptance AS GOVERNMENT MEMBER NO EXCEPTION..Change starts on this Basis in case “IF or BUT”, ARMENIA WILL BE SOLD FOREVER in case “MONEY FIRST, COUNTRY WHO CARES” thinking DOMINATES:::BE WARNED!!!!