Բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ֆրանսական իշխանութիւնները յայտարարած են, որ երկրին տարածքին «Քորոնա» ժահրի համաճարակը առած են վերահսկողութեան տակ:
Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարարութիւնը մէկ օր առաջ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարած էր, որ երկրին մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 767-ով եւ հասած 152444-ի, իսկ մահացածներուն թիւը բարձրացած է 44-ով եւ հասած 29065-ի:
Նախարարութիւնը նշեց, որ դարմանումի համար հիւանդանոց փոխադրուած քաղաքացիներուն թիւը եօթը շաբաթներէ ի վեր կը շարունակէ նուազիլ:
Ֆրանսայի Գիտական խորհուրդի ատենապետ Ժան-Ֆրանսուա Տելֆրասի «Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ համաճարակը երկրին մէջ «վերահսկողութեան տակ է», բայց կը շարունակէ տարածուիլ, սակայն դանդաղօրէն:
«Կեանքը պէտք է վերսկսի», ըսաւ ան, սակայն հասարակութեան կոչ ուղղեց` շատ հանգիստ չըլլալու:
«Մենք քիչ մը մեր զգօնութիւնը կը կորսնցնենք, սակայն ատիկա բնական է, մարդկային է: Պէտք չէ շատ հանգստանալ», զգուշացուց ան: