Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Իբրեւ պատասխան կարգ մը լրատուամիջոցներուն կողմէ կատարուած այն լրատուութեան, թէ նախարար Օհանեան-Գէորգեան բողոքած է բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու տնօրէն խորհուրդներուն մէջ հայ անդամ մը չըլլալու երեւոյթին դէմ, կը յստակացնենք այս կէտերը.
Ա.- Հայերը լիբանանցիներ են եւ Լիբանանը բաղկացնող կարեւոր շերտ մը, որ երկրին ազգային կեանքին մէջ իր դերակատարութիւնը ունեցած է եւ կ՛ունենայ:
Բ.- Նախարար Օհանեան-Գէորգեանի բողոքը եւ վերապահութիւնը արձանագրուեցաւ, երբ կը քննարկուէր համայնքային բազմազանութիւնը եւ ի յայտ կու գար այն իրականութիւնը, որ հեռաձայնի ընկերութիւններու տնօրէն խորհուրդներուն մաս կազմած են վեց համայնքներու ներկայացուցիչները` բացի հայ համայնքէն: Հետեւաբար այդ կեցուածքը քննարկումի շրջագիծին մէջ էր եւ ոչ թէ հունէն դուրս ճշդուած կեցուածք մը:
Գ. Բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու տնօրէն խորհուրդներուն մէջ հայ անդամ մը չըլլալու դէմ բողոքը կը բխի ներկայացուցչութեան ամբողջականութիւնն ու բազմազանութիւնը պահպանելու նախարարին յանձնառութենէն»: