Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն
ԺԱՆ ՍՐԿ. ՍԵԼԼՈՒՄԵԱՆ
«Միաբանեալ Սուրբ Առաքեալքն միախոհ եւ միակրօն,
միաբան նստէին ի Սուրբ վերնատանն, եւ ակն ունէին
գալստեան Սուրբ Հոգւոյն»։ (Շարակնոց)
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն տօներէն մէկն է Սուրբ Հոգւոյ Գալստեան տօնը։ Հոգեգալուստը, որ տեղի ունեցաւ Քրիստոսի Յարութենէն 50 օրեր ետք, հիմքը դրաւ Ընդհանրական Սուրբ եկեղեցւոյ, որ մինչեւ օրս կը ներգործէ ու պիտի ներգործէ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ։ Հոգեգալուստով Աստուծոյ տաճար դարձան անհատներ, որոնք միասիրտ ու միահոգի սիրով ապրեցան, Աստուծոյ խօսքը քարոզեցին եւ այդ խօսքին համար զոհուեցան։ Այսպիսով, եկեղեցին աճեցաւ այս աշխարհին վրայ՝ Աստուծոյ արքայութեան իրականացման համար։ Արդարեւ, պատմութեան դէպքերու սովորական գնացքէն անդին, Հոգեգալուստի դրուագը Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան դրուագին կողքին, կը կազմէ առա՛նցքը քրիստոնէական կրօնքին։
Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղինացած կեանքը՝ նախասահմանեալ եւ կարճ շրջանի մը համար, վերջ գտած էր։ Պէտք էր կեանքի նոր վարդապետութեան սկզբունքները սեփականութիւն դառնային բոլոր ազգերուն։ Արդարեւ, Քրիստոս Վերջին Ընթրիքին աշակերտներուն խոստացած էր Սուրբ Հոգին ղրկել, ըսելով՝ «Ձեզի համար լաւ է, որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի» (Յհ 16.7)։ Համբարձման պահուն եւս թելադրեց իր աշակերտներուն մնալ Երուսաղէմի մէջ, մինչեւ որ Սուրբ Հոգւոյ զօրութիւնը ստանան. «Եւ ահա ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրս տուած խոստումը։ Մնացէ՛ք Երուսաղէմի մէջ, մինչեւ երկինքէն զօրութիւն ստանաք» (Ղկ 24.49)։ Ուրեմն, անհրաժեշտութիւն էր Անոր ուժով նորոգուիլը, հեռաւոր ազգերու եւ ժողովուրդներու մէջ կարենալ փոխանցելու համար Քրիստոսի Վարդապետութիւնը։
Պենտէկոստէի օրն էր, երբ տեղի ունեցաւ Սուրբ Հոգիին հրեղէն լեզուի կերպարով էջքը առաքեալներուն վրայ։ Պենտէկոստէ յունարէն բառը յինունք կը նշանակէ, այսինքն՝ «Յիսուներորդ» (օր)։ Հրեաներուն մօտ նուիրական տօն մըն էր։ Հրեաները երբ Եգիպտոսէն ելան, ճիշդ 50 օրեր ետք Աստուած Սինա լերան վրայ, Մովսէս Մարգարէի ձեռքով, ժողովուրդին կը փոխանցէր Տասնաբանեայ պատուիրանները։ Առ այդ, հրեայ ժողովուրդը իբրեւ երախտագիտութիւն կը հաստատէր «Երախայրից Հնձոց» տօնը, որ կը նշանակէ, թէ Աստուծոյ պէտք է նուիրել տարուան հունձքի առաջին բերքը։ Ուրեմն, Յիսուսի Յարութենէն ճիշդ յիսուն օրեր ետք, երբ տեղի կ’ունենար Հոգեգալուստը, նոյն ատեն, հրեաները կը տօնէին Պենտէկոստէն։
Ղուկաս աւետարանիչ իր Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ Հոգեգալուստը. «Երբ Պենտէկոստէի օրը հասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին։ Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին։ Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ։ Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.1-4)։ Ահաւասիկ Աստուածային եւ արտակարգ հրաշք մը, որ նոր սկիզբ դրաւ մարդկային կեանքին։ Ոչ մէկ ընկերային շարժում կրցաւ հզօր թափ ունենալ, որքան Հոգեգալուստով սկսած ընկերային, կրօնական ու բարոյական նոր շարժումը։ Առաքեալները երկնային զօրութեամբ զինուեցան եւ իրենց կարգին՝ Սուրբ Հոգւոյ տուչութիւնը կատարեցին բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին եւ մկրտուեցան Քրիստոսի անունով։
Աստուածաշունչին մէջ լեզուափոխութեան մասին կը հանդիպինք երկու տարբեր եւ իրարու հակապատկեր ունեցող դէպքերու։ Առաջին դէպքին կը հանդիպինք Հին Կտակարանի գիրքին մէջ, երբ մարդիկ ապստամբեցան Աստուծոյ դէմ եւ ուզեցին Բաբելոնի աշտարակը շինել՝ իրենց փրկութիւնը ապահովելու համար։ Աստուած՝ տեսնելով իրենց սխալ ընթացքը, խառնեց անոնց լեզուները, որպէսզի զիրար չհասկնան։ Այսպիսով սկիզբ առաւ մարդկային ցեղերու պատմութիւնը։ Սակայն, Հոգեգալուստի ընթացքին տարբեր լեզուներով խօսիլը Աստուածային շնորհք մըն էր։ Եթէ Բաբելոնեան աշտարակաշինութեան ընթացքին Աստուած մարդկութիւնը բաժնեց՝ անոնց տարբեր լեզուներ տալով, ապա Սուրբ Հոգիի գալուստով եւ զօրութեամբ առաքեալները տարբեր լեզուներով օժտուեցան՝ մարդկութիւնը Աստուծոյ մօտեցնելու ու Անոր միացնելու նպատակով։ Ահաւասիկ շնորհք մը, որ մեզի առիթ կ’ընծայէ Աստուծոյ միանալու։ Սուրբ Հոգին ստանալով՝ Աստուծոյ որդեգիր զաւակները դարձանք եւ արժանացանք այն փրկութեան, զոր Աստուած մեզի խոստացած էր տալ։
Արդ, ի՞նչն է պայմանը Սուրբ Հոգին ընդունելու համար։ Առաջին յատկանշական կէտը՝ պատմուածքի առաջին նախադասութեան մէջն է արդէն։ «Բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին» (Գրծ 2.1)։ Ասիկա հիմնական պայմաններէն մէկն էր Սուրբ Հոգին ընդունելու համար եւ գաղտնիքներէն մեծագոյնը ընկերային բոլոր յաջողութիւններուն։ «Միասնաբար մէկտեղուած» ըլլալը երազն է համայն մարդկութեան։ Դարերով այնքան իրարմէ հեռու ապրած են մարդիկ՝ ոչ միայն աշխարհագրական դիրքով, այլեւ սրտով ու զգացումներով, եւ այլեւս այդ երեւոյթը դարձած է այնքան սովորական, որ յաճախ չենք անդրադառնար անոր անբնական եւ անմարդկային երեւոյթին։ Այնքան վարժուած ենք իրարու դէմ պայքարելու եւ իրարու կասկածով նայելու, որ այլեւս «միասնաբար մէկտեղուած» ապրիլը մեզի կը թուի անկարելի երազ։ Հոգեգալուստը եկաւ օժտելու մեզ նոր հորիզոնով, նոր հեռանկարով եւ նոր մտայնութեամբ, որոնք մեզ կ’առաջնորդեն «միասնաբար մէկտեղուած» ըլլալու։
Առաքեալներուն «միասնաբար մէկտեղուած» ըլլալուն պատճառը բացայայտ էր։ Անոնք միասին ապրեցան, միասին տառապեցան, միասին երջանկացան, եւ հետեւաբար միասին ալ մէկ հոգիով լեցուեցան։ Տիրոջ ֆիզիքական բաժանումէն ետք անբեկանելի ամբողջութիւն մը կազմած էին։ Կամ ինչպէս Ղուկասի աւետարանի վերջին խօսքերը կը հաստատեն. «Ամէն օր տաճարին մէջ էին՝ գովելով ու օրհնաբանելով զԱստուած» (Ղկ 24.53)։ Ուրեմն, «միասնաբար մէկտեղուած» ըլլալու եւ մնալու համար անհրաժեշտ է միասին տառապիլ ու միասին երջանկանալ. սակայն կարեւորագոյն պայմանն է՝ միասին աղօթելը։
Արդ, Հոգեգալուստի տօնը իւրաքանչիւրիս համար առիթ կը հանդիսանայ վերանորոգուելու այն Հոգիով, զոր ընկալեցինք Մկրտութեան աւազանէն։ Որպէս Քրիստոսի հետեւորդներ, կոչուած ենք սերտ ընկերակցութեամբ ապրիլ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ՝ կազմելով ամբողջական ու միաւորեալ եկեղեցի։ Եկէ՛ք Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութեամբ Քրիստոսի հարթած ճանապարհէն քալենք, որպէսզի Աստուծոյ որդի ըլալլու կոչումը ունենանք, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ պիտի ըսէր. «Աստուծոյ որդիները անոնք են՝ որոնք Աստուծոյ Հոգիով կ’առաջնորդուին» (Հռ 8.14)։