«Իզրայէլ Էրոսփէյս Ինտասթրիզ» պաշտպանական ընկերութիւնը 2 յունիսին հրապարակած է տեսանիւթ մը, որ ցոյց կու տայ նորագոյն հականաւային թեւաւոր հրթիռ մը: Անիկա կրնայ թիրախներ հարուածել թէ՛ մօտ, թէ՛ ալ հեռու հեռաւորութեան վրայ: Իսրայէլեան ռազմական ընկերութեան նոր արտադրութիւնը կ՛առանձնանայ թիրախները խոցելու գերբարձր ճշգրտութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը:
«Իզրայէլ Էրոսփէյս Ինտասթրիզ»-ը յաջող կերպով փորձարկած է գերճշգրիտ հրթիռը, որ կրնայ հարուածել մինչեւ 400 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներ: Հրթիռին ձեւափոխուած տարբերակը մարտավարական նպատակներու համար կը խոցէ հակառակորդի թիրախները 90 քիլոմեթրի վրայ:
2 յունիսին փորձարկուած հրթիռը նախատեսուած է ԼՈՐԱ ցամաքային-ծովային դասի մարտական համալիրի համար, եւ թիրախները կը խոցէ առաւելագոյնը 0,9 մեթր շեղումով:
ԼՈՐԱ մարտավարական հրթիռային համակարգը, որ դարձեալ ստեղծուած է «Իզրայէլ Էրոսփէյս Ինտասթրիզ»-ի կողմէ, 2000-ականներու սկիզբէն ի վեր կը գտնուի իսրայէլեան բանակի զինանոցին մէջ:
2018 թուականէն ի վեր այս համակարգը մատակարարուած է Ազրպէյճանին, որ այս զէնքի առաջին եւ առայժմ միակ ներածողն է: