Պաապտայի Մէջ Տեղի Ունեցած` Ապահովութեան Խորհուրդի Հինգ Մնայուն
Անդամ Երկիրներո Դեսպաններուն Եւ Քիւպիչի Յատուկ Նիստին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամ երկիրներու դեսպաններուն` Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանի, Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի, Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի Իան Քիւպիչի յատուկ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Հասսան Տիապ եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու դերակատարութեան, որ դրական է: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը որոշած է Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջել ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու կեցութեան մէկ տարիով երկարաձգումը` առանց անոնց աշխատանքները, թիւը կամ մարտական գործելու ոճը փոփոխութեան ենթարկելու:
«Լիբանան կառչած կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ անոնց կատարած դրական գործունէութեան», հաստատեց նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ կարգ մը քաղաքացիներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ արձանագրուած դէպքեր միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ ժխտական մթնոլորտ չեն դրսեւորեր:
Նախագահ Աուն ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կ՛արձանագրեն Իսրայէլի կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ կատարուած ցամաքային, ծովային եւ օդային սահմանային խախտումները, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան խախտումը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան օդային տարածքներէն Սուրիան ռմբակոծելու արարքները:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան պահպանումը կը մնայ Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանեան բանակին պատասխանատուութիւնը: Ան աւելցուց, որ բանակը պէտք եղած ամէն տեսակի դիւրութիւն կը տրամադրէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, որպէսզի անոնք լաւագոյնս կատարեն իրենց աշխատանքը:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը առկայ է, որովհետեւ Լիբանան կը յարգէ միջազգային օրինականութիւնը եւ յանձնառու կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` Լիբանան կոչ կ՛ուղղէ Ապահովութեան խորհուրդին, որ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը պարտադրէ Իսրայէլի վրայ», շեշտեց Տիապ:
Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքին շարունակութիւնը միջազգային կարիք է` նախքան լիբանանեան պահանջ ըլլալը: «Հետեւաբար հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերը պէտք է իրենց գործունէութիւնը շարունակեն նոյն ընթացքով եւ նոյն թիւով` առանց փոփոխութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան շրջագիծին մէջ` իսրայէլեան խախտումներուն պատճառով ստեղծուած սահմանային որեւէ վտանգի առաջքը առնել», հաստատեց Տիապ:
Նիստին ընթացքին Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը պէտք է իրենց աշխատանքը շարունակեն հարաւային Լիբանանի մէջ` առանց փոփոխութեան ենթարկելու իրենց պարտականութիւնները:
Ան ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Ուանկ Քիճիան իր կարգին շեշտեց, որ Չինաստան սկզբունքով համաձայն է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգումին` աւելցնելով, որ Չինաստան մաս պիտի կազմէ այդ որոշումին բանակցութիւններուն:
Պրունօ Ֆուշէ նշեց, որ Փարիզ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգուի:
Քրիս Ռամփլինկ հաստատեց, որ Բրիտանիա կը զօրակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութեան շարունակութեան` ընդգծելով, որ իրենք նեցուկ կը կանգնին այդ ուժերուն գործունէութեան աշխուժացման:
Տորըթի Շիա իր կարգին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն գործունէութիւնը աշխուժացնել եւ իր լաւագոյնին հասցնել: Ան առաջարկեց ստուգել Կապոյտ գիծին հիւսիսը արձանագրուող իրադարձութիւնները:
Ան նշեց, որ պէտք է երկու կողմերը քաջալերել ցամաքային եւ ծովային սահմանագծում կատարելու` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ այս իմաստով պատրաստ են օժանդակելու:
Իան Քիւպիչ կոչ ուղղեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու եւ ամրապնդելու:
Քիւպիչ շեշտեց, որ Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած այս նիստը կարեւոր է` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը պէտք է իրենց կարողութիւններուն մէջ հզօր մնան, որպէսզի կարենան սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ խաղաղութիւնն ու անդորրը պահպանել:
Քիւպիչ յայտնեց, որ Լիբանանի այս կեցուածքը պիտի ներկայացուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, որպէսզի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին անոր հիման վրայ կատարուի արժեւորումը եւ ըստ այնմ որոշուի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիւը, աշխատանքի դաշտն ու գործունէութեան տրամադրուելիք պիւտճէն: