Երէկ առաւօտ` երկուշաբթի, 1 յունիս 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցան: Վեհափառ հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վարչապետին ու իր ընտանիքին եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս Հայաստանի ներկայ կացութեամբ եւ յատկապէս համաճարակին յառաջացուցած դժուարութիւններով:
Վարչապետ Փաշինեան անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ վեհափառ հայրապետին «Քորոնա»-ի տարածման եւ առաջքը առնելու աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց Հայաստանի ներքին տնտեսական կացութեան: Միաժամանակ ան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեամբ եւ մասնաւորաբար Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններով: Այս ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, ընդհանուր գիծերով պարզեց թեմերուն ու յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը: