Նորվեկիոյ իշխանութիւնները յայտարարած են, որ իրենց երկրին մէջ մեկուսացում յայտարարելը անիմաստ էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Լենթա»-ն` նշելով, որ իշխանութիւնները այդպիսի եզրակացութեան յանգած են` ուսումնասիրելէ ետք «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու համաճարակաբանական կապերը:
Ի յայտ եկած է, թէ մարտի կէսերուն, երբ Նորվեկիոյ մէջ մտցուցած են մեկուսացումի սահմանափակումներ, երկիրին մէջ վարակման դէպքերու գագաթնակէտն էր, իսկ հետագային վարակման դէպքերը ինքնաբերաբար նուազած են:
Նորվեկիոյ մէջ եզրակացուցած են, որ եթէ այդ ժամանակ մեկուսացումի սահմանափակումները չհաստատուէին, կացութիւնը աւելի վատ պիտի չըլլար, այլ` նոյն իրավիճակը պիտի տիրէր:
Ատոր փոխարէն, ըստ մասնագէտներու, Նորվեկիան կրնար սահմանները բաց ձգել, սակայն հակահամաճարակային գործողութիւններ կատարել` ատով իսկ նուազեցնելով ժահրին տարածումը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց այն երեք քայլերը, որոնց մեկուսացումի դրութեան ջնջումէն ետք քաղաքացիները պարտաւոր են հետեւիլ:
«Եկէք անպայման կրենք դիմակներ, պահպանենք ֆիզիքական հեռաւորութիւն եւ հետեւինք առողջապահական կանոններուն», յայտարարեց Էրտողան:
Նշենք, որ Էրտողան յայտարարած է, որ 1 յունիսէն սկսեալ Թուրքիոյ մեծ մասին մէջ պիտի վերցուին սահմանափակումները, սակայն անոնք պիտի գործեն 65 տարեկանէն մեծ եւ 18 տարեկանէն փոքր քաղաքացիներուն համար:
Թուրքիոյ մէջ մինչեւ օրս արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակման 160.979 եւ մահուան 4461 պարագաներ:
Նշենք, որ Պրազիլի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման մրցանշային` 26.417 պարագայ: