Վարչապետ Հասսան Տիապ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց լումայափոխներու պատուիրակութիւն մը, ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնիի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմիի, կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգումի նախարար Տըմիանոս Քաթթարի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի:
Հանդիպումէն ետք լումայափոխներուն անունով խօսք առաւ Մահմուտ Հալաուի, որ յայտնեց, թէ լումայափոխներու սենտիքայի իբրեւ ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցած են վարչապետին հետ` շեշտելով, որ հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ, որովհետեւ պատասխանատուները ընդառաջած են իրենց առաջարկներուն, ինչպէս նաեւ կարեւորած լումայափոխներուն դերակատարութիւնը ազգային տնտեսութեան մէջ:
Հալաուի յայտնեց, որ իրենք քննարկած են նաեւ յառաջիկայ փուլին երկրին տնտեսական բնագաւառին մէջ ստեղծուելիք կացութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Ան ընդգծեց, որ դատական իշխանութիւնները կատարեալ իրաւունք ունին միջամտելու լումայափոխներուն աշխատանքային մարզին` շնորհակալութիւն յայտնելով, որ դատական իշխանութիւնները ատիկա ըրին: Ան հաստատեց, որ կան լումայափոխներ, որոնք կ՛ուզեն իրենց աշխատանքը թափանցիկութեամբ շարունակել` հիմնուելով բոլոր օրէնքներուն եւ շրջաբերականներուն վրայ: «Թափանցիկութեամբ գործող լումայափոխներուն նպատակն է մաքրագործել լումայափոխներու մարզը, եւ վերջ տալ բացթողումներուն ու անոր վարկը մրոտողներուն», ըսաւ Հալաուի:
Ան շեշտեց, որ իրենք կը հաւատան երկրին տնտեսական կացութիւնը փրկելու կառավարութեան կարողութիւններուն` աւելցնելով, որ լումայափոխները վերջ պիտի տան իրենց գործադուլին եւ աշխատանքի վերադառնան չորեքշաբթի, 3 յունիս 2020-ին: