Գիտէի, որ հիւանդութենէ կը տառապէր եւ փորձեցի քանի մը անգամ տեսնուիլ։ Հեռաձայնեցի․ Պուրճ Համուտ էր։ Խօսեցանք․ շատ հանգիստ չէր։ Տեսնուեցանք, զրուցեցինք։
Յետոյ իմացայ, որ հիւանդանոց փոխադրուած է։ Նոյն օրերուն, ծանր դէպք մը անցընելով, ես կը մնայի տունը՝ շարժելու անկարող։ Հազիւ հանգստացած՝ փափաքեցայ այցելել։ Իմացայ, որ փոխադրուած է Այնճար։
Ժամանակին նեղուած էինք իրարմէ, եւ մարդիկ փորձած էին աւելի խորացնել այդ նեղութիւնը։ Չէին յաջողած, որովհետեւ իմ եւ իր այլ մտերիմ ընկերոջ մը միջամտութեամբ հարցը բարւօք լուծում գտած էր։
Ճանչցուած էր My Way Կարպիս, ոչ միայն Պուրճ Համուտի ժողովուրդին համար, այլ կարծեմ ամբողջ Լիբանանի մէջ։ Մարդիկ, որոնք իրեն չէին ճանչնար, իր հաստատութեան անունով զինք կը ճանչնային։ Դարձած էր Արաքս փողոցի ամէնէն յայտնի վաճառատուներէն մէկը, որ կը կոչուէր My Way։ Իսկ ես եւ հին ընկերներ զինք գիտէինք «Տէզիր Կարպիս» ծածկանունով։ Սակայն My Way-ը մնաց տիրական, աւելի քան 30 տարի դարձաւ Սարդարապատ կոմիտէութեան պահակակեդրոնի անուններէն մէկը եւ մինչեւ օրս այդ շրջանը կը կոչուի այդպէս։
Կարպիս Գույումճեան ծնած էր բարեկեցիկ ընտանիքի մը մէջ եւ ինքնաշխատութեամբ, մեծ եղբայրներուն հետ միասին աշխատելով, ունեցած էին կարի աշխատանոց։ Ապագային ինք եւ իր տիկինը գործած էին միասնաբար, առանձին մեծաքանակ կարի աշխատատեղիով։ Ապա փոքրաքանակ վաճառատուն մը ունենալով իր կեանքի ասպարէզը այդպէս շարունակած է։ Ունէր 3 զաւակներ։
Կուսակցական կրթութիւնը ստացած էր փոքր տարիքէն՝ անդամակցելով «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան եւ դարձած ընկ․ Յարութ Քեպապճեանի (Կայծակ) ամէնէն չար եւ փոթորկոտ տղոցմէ մէկը։ Ընկ․ Կայծակը յաճախ կը պատմէր պատմութիւնները իրենց այդ չար ու խենթերու խումբին մասին, որուն անդամները գրեթէ հեռացան այս աշխարհէն։ Քանի մը հոգի տակաւին կենդանի են։ Բայց այդ խումբէն Կարպիսը վերջիններէն էր։ Անոնք բնաւ չմոռցան Սարդարապատը եւ օժանդակեցին մնայուն կերպով։
Անդամակցեցան ՀՅԴ-ի շարքերուն։ Վրայ հասած էր արդէն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, եւ Կարպիսը առաջին իսկ օրէն եղաւ պատնէշի վրայ․ դարձաւ ամէնօրեայ ներկայութիւն Սարդարապատ շրջանի, Մեսրոպեան դպրոցի շրջափակի կեդրոնը, որմէ ետք այդ կեդրոնը փոխադրուեցաւ Արաքս փողոց եւ, ինչպէս վերը յիշեցի, կոչուեցաւ իր իսկ հաստատութեան անունով, որ մինչեւ օրս կոմիտէութեան աշխատանքները կը կատարուին որպէս My Way կեդրոն։
Ծանր օրերուն մնաց միշտ զինուոր։ Ապագային ստանձնեց պարտականութիւններ, որոնց յաջորդեց մէկ շրջան Սարդարապատ կոմիտէի անդամակցութիւնը։ Չմոռցաւ ազգային կեանքը։ Միշտ ներկայութեան դարձաւ Քառասնից Մանկանց վարժարանի հոգեբարձութեան աշխատանքներուն մէջ թէ՛ նիւթական, եւ թէ բարոյական ներդրումը բերելով զանազան աշխատանքներուն։
Փոթորկոտ ընկեր էր։ Ամէն մարդ, որ զինք չէր ճանչնար, կրնար տարբեր գաղափար կազմել, բայց խորքը եւ հոգին, սիրտը այնքան փափուկ եւ մաքուր էին, որ երբեմն կռիւը կ՚աւարտէր յուզումնախառն խօսակցութեամբ եւ հարցերը լուծելու այնպիսի ոճով մը, որ կը պակսի այսօրուան ընկերներուն մեծամասնութեան մօտ։
Ընկերասէր էր։ Տագնապող՝ դաշնակցական մարդու խնդիրներով։ Կը պատկանէր այն սերունդին, որ, հակառակ Հայաստանի անկախութեան, դեռ միտքին մէջ ունէր նախկին կարգի օրերը, սակայն միշտ Հայաստանն ու Արցախը սիրողն ու պաշտողն էր։
Վերջին շրջանին իրեն եթէ հարց տայիր հետեւեալ նախադասութիւնը կը կրկնէր․ «Իմ Հայաստանս Այնճարն է»։ Այնքան կապուած էր Այնճարին․ զինք ճանչցողները կը վկայեն, որ, թէեւ ինք մեծցած եւ ապրած էր Պուրճ Համուտ, Սարդարապատ շրջան, սակայն նոյնչափ եւ քիչ մը աւելի ապրեցաւ Այնճար։ Սիրեց գիւղը, զայն սեպեց իր փոքր Հայաստան։ Մնաց հոն մինչեւ իր կեանքին աւարտը։
Դեռ շատ բան կարելի է ըսել ընկերոջ մասին։ «Քորոնա»-ի պատճառով Լիբանանի մէջ տիրող պայմաններու բերումով չկրցայ ներկայ գտնուիլ յուղարկաւորութեան, բայց վստահաբար զինք ճանչցող ընկերները, նաեւ Սարդարապատի շրջանի տղաքը միշտ պիտի յիշեն եւ յարգեն յիշատակը։
Խունկ եւ մոմ իր յիշատակին։
ԸՆԿԵՐ ՄԸ