Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց. «Լիպիոյ մէջ գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխուեցաւ տագնապի կողմերուն ցուցաբերած արտաքին օժանդակութեան պատճառով»:
«Այսօր գետնի վրայ կացութիւնը մեծապէս տարբեր է, տագնապի կողմերուն ցուցաբերուած արտաքին օժանդակութեան պատճառով, ինչ որ պատճառ դարձաւ գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Լիպիոյ մէջ տագնապի երկարաձգումը կը վտանգէ անոր ժողովուրդը, որ երկար ատեն տառապեցաւ ծանր հետեւանքներէ»:
Զախարովա միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` իր առաւելագոյն ջանքը թափելու այս կացութիւնը յաղթահարելու, տագնապը լուծելու եւ տագնապին վերջ տալու համար օժանդակելու լիպիացիներուն: