Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը՝ «Փրեմիեր Լիկ»-ը, պիտի վերսկսի յառաջիկայ 17 յունիսին, այս գծով յայտնեց «The Telegraph»-ը:
Նշուեցաւ, որ Շեֆիլտ Եունայթըտ-Ասթոն Վիլլա եւ Մանչեսթըր Սիթի-Արսենալ մրցումներով պիտի վերսկսին ընդհատուած մրցումները, բնականաբար առանց հանդիսատեսներու:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը դադրեցաւ նախորդ 13 մարտին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով: