ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Մարթին Պերնալ իր «Սեւ Աթէնք» (տես՝ նախորդ ԺԴ. Մաս (1)) գիրքին մէջ, մէջբերելով Ռոպերթ Տրիւզի «Յոյներուն Գալուստը» գիրքէն հատուածներ (Էջ 181), կը գրէ. «Տրիւզ հնագիտական ապացոյցներու բացակայութեան՝ կը բացատրէ, թէ մարտակառք վարող հնդեւրոպացիները Հայաստանէն Յունաստան եկան նաւերու միջոցով: Ան համոզիչ կերպով կը վիճի, թէ՝ այնպէս ինչպէս կը տեսնենք, որ որեւէ դժուարութիւն չկար Ուշ Պրոնզէ դարուն (ՔԱ 1200–500*) ձիեր եւ մարտակառքեր նաւով առաքելու, անհաւանական չէ նաեւ, որ անկէ 500 տարի առաջ ալ նոյնը կատարէին՝տրուած ըլլալով, որ նոյն արուեստագիտական պայմանները գոյութիւն ունէին, նկատելով նաեւ, որ մարտակառքերը դիւրաւ կը քակուէին եւ կը վերակազմուէին: Տրիւզ այս եզրակացութեան կը յանգի պատկերուած ապացոյցով, LMII (ՔԱ 1450–1400*) հնադարեան կնիքէ մը (Կրետէ կղզիի Քնոսոս հնավայրէն, պեղուած), ուր նաւու վրայ ձի մը պատկերուած է:
Նմանապէս,Կուսթաւ Կլոց (Gustave Glotz, 1862-1935*) իր 1925-ին լոյս տեսած «Եգէական քաղաքակրթութիւնը» գիրքին մէջ կը նշէ նոյն կնիքին վրայ պատկերուած ձին նաւուն քով, նկարագրելով ձիուն գեղեցկութիւնը եւ կեցուածքը, աւելցնելով, որ Հիքսոսներուն կողմէ ձիեր Եգիպտոս մտցնելէն գրեթէ անմիջապէս ետք, ձիեր յայտնուեցան նաեւ Կրետէի, Արկոլիսի եւ Կիպրոսի մէջ (2):
Այլ տեղ, Եգիպտոս Հայաստան յարաբերութեան մասին Պերնալ կը գրէ. «Որքան որ գիտեմ, եգիպտական իրեր Կովկասի մէջ չեն յայտնաբերուած, թէեւ Հայաստանի մէջ պեղուած քանի մը մականի գլուխները կրնան եգիպտական ըլլալ (նաեւ յախճապակիէ իրեր*): Միւս կողմէ, կասկած չկայ, որ կովկասեան ծագումով իրեր գտնուած են Եգիպտոսի մէջ» (3):
«Հնադարեան եգիպտական հում նիւթեր եւ ճարտարարուեստներ» գիրքին մէջ, Եգիպտոսի մէջ պեղուած օպսիտաքարերու մասին, հեղինակներ Ալֆրետ Լուքաս եւ Հէրիս կը գրեն. «… Ուէյնրայթ կ՛եզրակացնէ, որ Եգիպտոսի մէջ գործածուած օպսիտաքարերը Հայաստանէն բերուած են …» (4): Արդէն յօդուածաշարքիս է. մասին մէջ նշուած է. «Մենք կը նայինք բացօթեայ հսկայական (օպսիտաքարի) արտադրամասի մնացորդներուն», կ՛ըսէ հնագէտ եւ ազգագրագէտ Պորիս Գասպարեանը: Անհամար շեղբեր, ձեռքի կացիններ, քերիչներ, գչիրներ, նետի ու նիզակներու ծայրեր, որոնք արտադրուած են լեռան կողի «գործարանին» մէջ եւ ճամբորդեր, տարածուեր են հսկայական (ապրանքի*) փոխանակման ցանցի մը վրայ (հասնելով մինչեւ Եւրոպա, արեւելեան Ասիա, Ափրիկէ*), որ երկար ժամանակով կը նախորդէ առեւտուրի ամենահին արձանագրուած դէպքերը» (5):
Իսկ Ը. մասին մէջ՝ դամբարանէ մը պեղուած մարտակառքի 62 շկահներուն թիւը մօտաւորապէս կը համապատասխանէր եգիպտական դամբարաններու կապարճներուն մէջի նետերու թիւին: Իսկ Դ. մասին մէջ՝ «Արամ (նահապետը) վերահսկողութեան տակ առաւ Փոքր Ասիա եւ Եգիպտոս տանող ճամբաները, կայազօրներ հաստատելով Արմաւիրէն մինչեւ Եգիպտոս տանող քաղաքներուն մէջ»:
Ուրեմն, առաջին՝ նախամարդու օրերէն սկսեալ յարաբերութիւն տեղի ունեցած է Եգիպտոսի եւ այլ շրջաններու հետ: Երկրորդ՝ Արամ նահապետ ՔԱ 19-րդ դարուն Արմաւիրէն Եգիպտոս ճամբան ապահոված էր: Երրորդ՝ առեւտուրի իրերը, փաստերը երկուստեք յայտնաբերուած են Եգիպտոսի մէջ՝ առ նուազն հայկական մարտակառքեր եւ օպսիտաքարեր, իսկ Հայաստանի մէջ՝ եգիպտական մականի գլուխներ եւ «եգիպտական յախճապակիէ իրեր» տես՝ նախորդ ԺԳ. մասը (6): Այս բոլորը կը հաստատեն Հայկական լեռնաշխարհին եւ Եգիպտոսի միջեւ քարէ դարէն սկսեալ յարաբերութիւնը, որուն նախաձեռնողը տրամաբանօրէն, փոխադրամիջոց՝ ձի ունեցողը պէտք էր ըլլար, այսինքն հայկական կողմը (կամ՝ հայկական լեռնաշխարհին մէջ ապրող ժողովուրդը, որուն՝ արդի ծինային քննութիւնը ցոյց տուաւ, որ այժմու հայութիւնը 99,29 տոկոս համեմատութեամբ, առնուազն 5000 տարի է Հայաստան լեռնաշխարհին բնիկ է, տես Զ. մասը):
2012-ին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին միջազգային մարտակառքի խորհրդաժողովը, որուն աւարտին լոյս տեսաւ «Չէյսինկ չէրիոթս»՝ «Հալածելով մարտակառքերը» ատենագրութիւն հրատարակութիւնը, որուն մէջ նաեւ, կը նշուի (էջ 84) հնադարեան եգիպտական մարտակառքերու փայտի ծագումին մասին հետեւեալը. «… Թամարիսքը (մուրիկ թուփը, փոքր ծառ*) Եգիպտոսի մէջ կը գտնենք, սակայն կնձնին կամ՝ ծփին եւ ցարասին կամ՝ կեչին (elm and birch)՝ ոչ: Կասկած չկայ, որ վերջին երկուքը (փայտերը*) ներածուած են Մերձաւոր Արեւելքէն, ինչպէս Անատոլիայէն եւ Հայաստանէն, ուր անոնք կ՛աճին … » (7):
Եգիպտոսի փարաւոն Ամենհոթէփ Գ. (ՔԱ 1401-1351) Արդէն կին առած էր Միտաննիի թագաւոր Թուշրաթթայի (ՔԱ ?-1340) քոյրը՝ Կիլուխիփան, ՔԱ շուրջ 1378–1376-ին, որուն պատճառով խաղաղութիւն հաստատուած էր երկու պատերազմող կայսրութիւններուն միջեւ: 20 տարի ետք, նոյն փարաւոնը, որ բազմակին էր, նամակով կը խնդրէ նաեւ Թուշրաթթայի աղջկան՝ Թադուխիփային հետ ամուսնանալ: Թադուխիփայի եգիպտոս հասնելէն կարճ ժամանակ ետք Ամենհոթեփ կը մահանայ եւ Թադուխիփան կ՛ամուսնանայ անոր զաւակին՝ Ամենհոթէփ Դ.-ի (Ախենաթէն) հետ: Անոնք կ՛ունենան տղայ զաւակ Թութանխամոնը, որ 9 տարեկանին փարաւոն կը դառնայ եւ 19 տարեկանին կը մահանայ: Եգիպտագէտներ շատ հաւանական կը նկատեն, որ Թադուխիփան նոյնինքը գեղեցիկ ու նշանաւոր թագուհի Նեֆերթիթին էր (8):
Կաւէ գրատախտակի վրայ գրուած եգիպտական դիւանագիտական 382 այս նամակները, որոնք սեպագիր գրուած են ՔԱ 1360–էն 1332, գտնուած վայրին անունով «Ամառնա նամակներ» կը կոչուին (9):
Ռոյթըրզ լրատու գործակալութիւնը 1 օգոստոս 2011-ին, զուգադիպաբար՝ հայազգի Ալիս Պաղճեանի ստորագրութեամբ՝ «Եւրոպացի տղամարդոց կէսը կը բաժնեկցին Թութ(անխամոն) թագաւորին ծիները» խորագիրով լրատուութիւնը հրատարակեց, որմէ կը թարգմանեմ հատուածներ (10). «Զիւրիխի (Զուիցերիա*) ծինաբանական «iGENEA» կեդրոնի գիտնականները երիտասարդ փարաւոնին, որ 9 տարեկանին յաջորդեց հօրը՝ Ախենաթէնին եւ մեծ հօր՝ Ամենհոթէփ Գ.ին, վերակազմեցին անոր ծինային ուրուագիծը, հիմնուելով «Տիսքաւըրի չէնըլ»-ին համար պատրաստուած ժապաւէնին տուեալներուն վրայ (ժապաւէնին մէջ սպրդած էր անոր մոմիայէն առնուած մասնիկին ծինային քննութեան արդիւնքը, որ տեսարանի մը մէջ, յստակօրէն կ՛երեւէր համակարգիչի պաստառին վրայ. պաշտօնական արդիւնքը ցարդ գաղտնի կը պահուի*):
«Արդիւնքը ցոյց տուաւ, որ Թութանխամոն կը պատկանի ծինային խումբի մը, որ կը կոչուի «Հափլակրուփ R1b1a2», որուն կը պատկանին Արեւմտեան Եւրոպայի տղամարդոց (եւ հայ) աւելի քան 50 տոկոսը, որ կը նշանակէ, թէ անոնք նոյն նախահայրէն սեռած են: Ըստ «iGENEA»-ին այժմու եգիպտացիներուն 1 տոկոսէն նուազը այս խումբին կը պատկանին (մեծամասնութիւնը կը պատկանի Սահարայէն Հարաւ՝ ափրիկեան խումբին*):
«Մենք կը խորհինք, որ (այս խումբին*) նախահայրը շուրջ 9500 տարի առաջ կ՛ապրէր Կովկասի մէջ» կ՛ըսէ հիմնարկի տնօրէն Ռոման Շոլց (Roman Scholz): «Կը կարծուի, թէ այս ծինային խումբին Կովկասէն ամենականուխ գաղթը՝ տեղաշարժը, սկսաւ ՔԱ 7000-ին, հողագործութեան տարածումին հետ: Սակայն, ծինաբանները վստահ չէին, թէ Թութանխամոնի հօրենական ծագումի շղթան իր բնօրրանէն ինչպէ՞ս Եգիպտոս հասաւ» կ՛ըսէ Շոլց: Ըստ երեւոյթին, Շոլց ծանօթ չէ Միտաններուն հետ խնամիական կապերուն եւ Հիքսոսներուն ծագումին:
5 յունիս 2017-ին «Փիփըլ աւ առ» կայքէջը «Ծինային նոր սերտողութիւնը կը բացայայտէ, որ հին եգիպտացիներուն ծիները աւելի մօտ են հայերուն՝ քան ափրիկեցիներուն» խորագիրով յօդուած մը հրատարակած է, որմէ ստորեւ կը թարգմանեմ հատուածներ (11):
«Գերմանիոյ Թիուպինկեն համալսարանի եւ Մաքս Փլանք մարդկութեան պատմութեան գիտութեան հիմնարկի միջազգային գիտնականներու խումբ մը հետազօտեց ՔԱ շուրջ 1400-էն ՔԱ 400 ժամանակաշրջանի 93 եգիպտական մոմիաներու ծիները: Իրենց հետազօտութիւնը կ՛ապացուցէ զարմանալի մօտիկ կապը, Մերձաւոր Արեւելքի հին ժողովուրդներուն հետ, ինչպիսիք են հայերը:
«Մեր քննութիւնները երեւան հանեցին, որ հին Եգիպտացիները (կարեւոր անձնաւորութիւնները, որոնց մոմիաները ցարդ կը պահուին*) Մերձաւոր Արեւելքցիներուն հետ աւելի շատ նախնիներ կը բաժնեկցէին, քան այժմու եգիպտացիներուն, որոնք ստացած են յաւելեալ Հարաւ-Սահարային լրացուցիչ ծինային յաւելումներ: Մենք կը գտնենք, որ հին եգիպտացիները աւելի՛ սերտօրէն կ՛առնչուին արեւելեան Նէոլիթեան եւ պրոնզէ դարու նմուշներուն, ինչպէս նաեւ Նէոլիթեան Անատոլական եւ եւրոպական բնակչութիւններուն:
«Աւելին, հետազօտողները պարզեցին, որ 1300 տարուան ընթացքին, որ կը ներկայացնեն մոմիաները, Հին Եգիպտոսի բնակչութեան ծինային բաղադրութիւնը զարմանալիօրէն կայուն մնաց՝ հակառակ օտարներու ներխուժումներուն» – ըսաւ Վուլֆկանկ Հաաք, Մաքս Փլանք հիմնարկէն: Ուրեմն արդի եգիպտացիներուն ծագումը աւելի մօտ է հարաւ-Սահարային ափրիկեցիներուն հետ, քան՝ հին եգիպտացիները, մինչ հիները ծինային աւելի մօտիկ կապ ունին Մերձաւոր Արեւելքի եւ հայերու նման հին ժողովուրդներու հետ: Հաւանականութիւնը մեծ է, որ Եգիպտոսի փարաւոնները եւրոպական կամ հայկական նախնիներէ սեռած են:
«Հիքսոսները յաճախ կը նկարագրուէին իբրեւ աղեղնաւորներ եւ հեծեալներ, որոնք կը հագնէին գունաւոր թիկնոցներ: Անոնք գերազանց նետաձիգներ եւ ձիաւորներ էին, որոնք մարտակառքով պատերազմը բերին Եգիպտոս: Զանազան վարկածներ կան անոնց Հուրրիական եւ Հնդեւրոպական ծագումին մասին: Անոնց ապրելակերպը նման է այն ժամանակուայ Հայ-Արիական ժողովուրդներուն: Օրինակ՝ Հիքսոսները ձիերու թաղման ծէս կը կատարէին եւ իրենց գլխաւոր չաստուածը փոթորիկի աստուածն էր, որ հետագային զուգորդուեցաւ եգիպտական փոթորիկի եւ անապատի չաստուած Սեթին հետ: Հնադարեան հայերը փոթորիկի չաստուած Թէշուպը կը պաշտէին, որ յետագային նոյնացաւ Արամազդի եւ Հայկի հետ:
«Աւելին՝ Հիքսոսները շարք մը ճարտարարուեստական նորագործութիւններ բերին Եգիպտոս, ինչպէս նաեւ մշակութային ներմուծումներ՝ նուագարաններ եւ լեզուական նորութիւններ: Պրոնզի եւ խեցեղէնի արհեստները, նոր ընտանի անասուններ, եւ բերքեր: Պատերազմի պարագային բերին ձին եւ մարտակառքը, բարդ աղեղը (մէկէ աւելի նիւթերէ շինուած՝ փայտ, մետաղ, ոսկոր եւ այլն), կատարելագործուած մարտական կացինը եւ ամրութեան յառաջացած հմտութիւն»:
Եզրակացութիւն՝ ձին եւ մարտակառքերը Հայկական լեռնաշխարհէն է, որ տարածուեցան Եգիպտոս, Յունաստան, Կրետէ, Միկենիա, Կիպրոս եւ անշուշտ Միջին Արեւելք, ըստ նշուած հին եւ նոր աղբիւրներուն, իսկ այս վարկածը ժխտող աղբիւրներ չկան, այլ «անորոշութեան» վարկածներ:
Յաջորդիւ Հիքսոս, Միտաննի եւ Հուրրի կապը:
9 ապրիլ 2020
Շար. 15
——————
* Լուսաբանութիւնները իմս
(1) https://www.aztagdaily.com/archives/466803
(2) «Aegean Civilization», Gustave Goltz, K. Paul, Trench, Trubner & Company, Limited, 1925, 422 pages:
(3) Black Athena: The archaeological and documentary evidence, Martin Bernal, 1987, Rutgers university press, New Jersey, 736 pages:
(4) Ancient Egyptian Materials and Industries, Alfred Lucas, J. Harris, 1948, Published by Edward Arnold, U.K., 546 pages:
(6) https://www.aztagdaily.com/archives/462644
(7) Chasing Chariots: Proceedings of the first international chariot conference (Cairo 2012), Edited by André J. Veldmeijer & Salima Ikram, 2013, Sidestone Press 270 pp.
(8) https://en.wikipedia.org/wiki/Tadukhipa
(9) https://en.wikipedia.org/wiki/Amarna_letters