ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Ատրինէ Միրոյեան
Տիկին Մելինէ Աբգարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մելքոն եւ Սոնա Կարապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Դանիէլ եւ Կասիա Յակոբեան եւ զաւակունք\
Տիրամայր Նուարդ Նալպանտեան եւ զաւակունք
Տիկին Հերմին Միրոյեան եւ զաւակունք
Միրոյեան եւ Աբգարեան ընտանիքներ
Կարապետեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Նալպանտեան եւ Չոլաքեան ընտանիքներ
Աւետիսեան եւ Թաթոյեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին
ԱԼԻՍ ՄԻՐՈՅԵԱՆի
(Ծնեալ Անտոնեան)
մահը, որ պատահեցաւ 22 մայիսին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` 23 մայիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
«Քորոնա» ժահրին պատճառով թաղումը պիտի կատարուի միայն ընտանիքի սեղմ թիւով անդամներու ներկայութեան:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հեռաձայնով եւ ե-նամակով:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիլվա Քէշիշեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Գարոլ Քէշիշեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Թադէոս եւ Ֆունքէ Քէշիշեան
Օրդ. Թամար Քէշիշեան
Տիկին Արշալոյս Աւետիսեան
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Մունա Աւետիսեան եւ զաւակունք
Տէր Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեան
Քէշիշեան եւ Աւետիսեան ընտանիքներ
Հըլօ եւ Օլթունտէ ընտանիքներ
Սաղրեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, փեսային եւ հարազատին
ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ 1952-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 22 մայիս 2020-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 23 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Նոր Ատանայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները, հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւն պիտի ընդունի հեռաձայնով` 01-883659:
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԳՐԻԳՈՐ ՔԻՒՐԷՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 24 մայիս 2020-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Մաքրուհի Քիւրէճեան, Մայտա Քիւրէճեան, Արսէն եւ Մարինա Սարաֆեան եւ Սարօ եւ Հիլտա Յարութիւնեան եւ զաւակունք իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնեն կուսակցական եւ միութենական մարմիններուն եւ, բոլոր անոնց, որոնք անձամբ եւ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կատարեցին Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի «Գրիգոր եւ Մաքրուհի Քիւրէճեան կրթական ֆոնտ»-ին, ինչպէս նաեւ հեռաձայնով, ե-նամակով, համացանցի կապերով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց հարազատին` ԳՐԻԳՈՐ ՔԻՒՐԷՃԵԱՆի մահուան սուգին: