Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` մամլոյ ազատութիւնն ու լրագրողներուն կողմէ պատասխանատու եւ առարկայական վերաբերումը` իրենց աշխատանքին ընթացքին, ի մասնաւորի Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն պայմաններուն մէջ:
Հանդիպումէն ետք Քսսայֆի յայտնեց, որ նախագահ Աուն ընդգծած է, թէ Պաապտայի դռները բաց են լրագրողներուն դիմաց, եւ անոնց պահանջները յատուկ ուշադրութեան արժանի են:
Նախագահ Աունի այցելեց Տնտեսական ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտը, որուն հետ քննարկեց տնտեսական եւ ընկերային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կրթական մարզը յուզող իրադարձութիւնները: