Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլու ընդգծած են Սուրիոյ հարցով «Ասթանայի եռեակ»-ի` Թեհրանի մէջ նոր վեհաժողովի գումարումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:
«Հաստատուած են փոխադարձ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման մտադրութիւնները սուրիական ճգնաժամի համակարգային լուծման շահերու շրջանակին մէջ` միջազգային ընտանիքին աջակցութեամբ, որուն հիմը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւն է: Այս ծիրին մէջ հաստատուած է Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ հաւատարմութիւնը ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն` իբրեւ Ասթանայի ձեւաչափի երաշխաւոր երկիրներու», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի նախապէս յոյս յայտնած էր, որ Թեհրանի վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած իրավիճակի բարելաւումէն ետք: