Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Լիբանանի Հետ
Բանակցութիւնները Շինիչ Կը Նկատէ
Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Այդ շրջագիծին մէջ, երէկ արձանագրուեցաւ բանակցութիւններուն Ե. փուլը, որուն ընթացքին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ ներկայացուց Կեդրոնական դրամատան որդեգրած հաշուարկի մօտեցումը:
Երկու ժամուան հանդիպումին ընթացքին քննարկումները կեդրոնացան Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ Լիբանանի կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրը աւելի լաւ հասկնալու անհրաժեշտութեան վրայ:
Երէկուան բանակցութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար, որ նիստին ընթացքին ստացաւ ելեկտրականութեան հարցին գծով հարցաքննուողի դերը, երբ պարզուեցաւ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ բանակցող պաշտօնեաները լաւատեղեակ են ելեկտրականութեան թղթածրարին մանրամասնութիւններուն եւ լուսաբանութիւն պահանջած են անոնց մասին` հաստատելով, որ ելեկտրականութեան մարզին արձանագրած վնասները Լիբանանի ելեւմտական տագնապին կարեւորագոյն դրդապատճառը կը ներկայացնեն:
Նշենք, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի բանբեր Ճերի Ռայս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Լիբանանի հետ կատարուող բանակցութիւնները շինիչ նկատեց:
Ելեւմտական առումով երէկ արձանագրուեցաւ դրական նշոյլ մը, երբ բացայայտուեցաւ, որ վարչապետ Հասսան Տիապ նախանցեալ երեկոյեան ընդունած է Ռիատ Սալամէն` վերջ տալով անոր հետ երեք շաբթուան գժտութեան:
Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը եղած է դրական եւ եզրակացուած է, թէ կառավարութիւնն ու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը առաւելագոյն չափով պիտի գործակցին:
Չորեքշաբթի ուշ գիշերին գոյացած այս եզրակացութեան լոյսին տակ, Ռիատ Սալամէ երէկ յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 27 մայիս 2020-էն սկսեալ Կեդրոնական դրամատունը անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն պիտի դիմէ` պաշտպանելու համար լիբանանեան դրամանիշին արժէքը: «Այդ քայլերէն պիտի ըլլան նաեւ ամերիկեան տոլարի ապահովումը` տարրական սննդամթերքի ներածումին զօրակցելու», ըսաւ Սալամէ` հաստատելով, որ այս իմաստով Կեդրոնական դրամատունը պիտի գործակցի տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան հետ:
Այս առումով, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ հաստատեց, որ տարրական սննդամթերքին (բրինձ, շաքար, ընդեղէն, կաթ, թթխմոր, երկրագործներու եւ ճարտարարուեստի սեփականատէրերու գործունէութեան համար հում նիւթ, ինչպէս նաւթ եւ այլն) սակերը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի սկսին նուազիլ:
Վարչապետ Տիապ, որ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, լիբանանցիներուն ուղղեց իր խօսքը` «Մարտահրաւէրներու դիմակայման կառավարութեան» ստանձնած 100-օրեայ աշխատանքներուն առիթով:
Վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ կառավարութիւնը 100 օրուան ընթացքին յաջողած է իր աշխատանքային ծրագիրով ստանձնած յանձնառութեան 97 առ հարիւրը իրականացնել:
Տիապ նշեց, որ ինք Ռիատ Սալամէէն ստացած է խոստում մը, որուն հիման վրայ Կեդրոնական դրամատունը պիտի միջամտէ` լիբանանեան դրամանիշին արժէքը պաշտպանելու եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին պաշտօնական սակը կայուն պահելու:
Տիապ շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատունը պիտի օժանդակէ հիմնական սննդամթերքի ներածումին` աւելցնելով, որ ամէնօրեայ դրութեամբ հսկողութիւն պիտի կատարուի` սակերը նուազեցնելու հոլովոյթին ծիրին մէջ:
Կը նախատեսուի, որ Կեդրոնական դրամատունը առիթ չտայ լումայափոխներուն սանձարձակ աշխատանքին եւ դրամատուներուն հետ գործելով` ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան պաշտօնական սակը վերածէ 3200-ի: Կեդրոնական դրամատան կողմէ լումայափոխներուն գործունէութեան վերաբերեալ որդեգրուելիք քայլերուն մէջ կ՛իյնան նաեւ այն պայմանները, թէ լումայափոխները ոեւէ քաղաքացիի հետ պիտի գործեն պաշտօնական փաստաթուղթերու` անձնաթուղթի կամ անցագիրի հիման վրայ, եւ ամսական դրութեամբ միայն 200 տոլար պիտի յանձնեն քաղաքացիին` անձնական թէ առեւտրական նպատակներու համար:
Նշենք, որ վարչապետ Տիապի եւ Ռիատ Սալամէի միջեւ հանդիպումին նախաձեռնած է Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր, որ ներկայ գտնուած է վարչապետարանի հանդիպումին` ներկայութեամբ նաեւ վարչապետ Տիապի ելեւմտական հարցերու խորհրդատու Ժորժ Շալհուպի, ինչպէս նաեւ վարչապետի աւագ խորհրդատու Խտըր Թալեպի:
ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ մարզին մէջ նշմարուած դրական նշոյլներու ծիրին մէջ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յանգած են քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծի մը, որ գումարներու դուրս փոխանցումը կը զսպէ: