«Քորոնա» ժահրի համավարակին լոյսին տակ ստեղծուած իրավիճակին, անոր տնտեսական հետեւանքներուն, նոր մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներու քննարկման նպատակով Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախաձեռնած է հանդիպումներու շարքի մը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու, հասարակական կազմակերպութիւններու, տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու հետ:
Այս ծիրին մէջ 20 մայիսին կայացաւ հանդիպում նախագահ Սարգսեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանի հետ: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ համավարակին իբրեւ հետեւանք տիրող կացութեան, տնտեսական դժուարութիւններուն, զանոնք շրջանցելու կարելիութիւններուն եւ ձեւերուն:
Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ այս մարտահրաւէրը կարելի է յաղթահարել միայն ուժերու համախմբման միջոցով: ՀՅԴ ներկայացուցիչները ծանօթացուցին իրենց տեսլականը` իրավիճակը յաղթահարելու կարելի ուղիներուն մասին:
Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ երկրի ներքին եւ արտաքին խնդիրներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ համազգային օրակարգին առնչուող շարք մը հարցերու, այդ ծիրին մէջ կայացող եւ նախատեսուող, որոնց կարգին` Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին, Սեւրի դաշնագիրի կնքման 100-ամեակի եւ Առաջին Հանրապետութեան յառաջիկայ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներուն շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահին տեղեկութիւններ տրուեցան ՀՅԴ-ին ծրագրած շարք մը միջոցառումներուն մասին, որոնք, համավարակին պատճառով ժամանակաւորապէս յետաձգուած են: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ նախագահ Սարգսեանի առաջարկած Համազգային այգիին` «Հայ պարկ»-ի ստեղծման նախաձեռնութեան:
Հիւրերը ողջունելի նկատեցին համահայկական նշանակութեան այս նախաձեռնութիւնը, որ ուղղուած է ազգային միասնականութեան ապահովման: