Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հասաւ 961-ի,
Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 26, Իսկ Ապաքինածներունը` 251
«Քորոնա»-ի համաճարակին իմաստով լիբանանեան պետութեան որդեգրած միջոցառումները տակաւին կը շարունակուին, հակառակ անոր որ երկրին մասնակի վերաբացումին զուգահեռ կան նաեւ մտահոգութիւններ, թէ ոմանց ցուցաբերած անզգուշութիւնը կրնայ վատթարացնել տիրող համեմատաբար ապահով կացութիւնը` այդ ժահրին արագ տարածման պատճառ դառնալով:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 961-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 7 նոր պարագաներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 251 ուրիշներ` ապաքինած:
Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին տեղացիներուն շարքին արձանագրուած են 4 վարակուածներ, իսկ արտերկրի լիբանանցիներուն շարքին` 3:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հասսան Տիապ այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որմէ ետք ան լիբանանցիներուն պիտի փոխանցէ պատգամ մը` կառավարութեան 100-օրեայ աշխատանքային ժամկէտին լրացումին առիթով:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին իւրաքանչիւր նախարար իր նախարարութեան 100 օրուան աշխատանքային տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ, եւ այդ մասին վարչապետը պիտի անդրադառնայ իր պատգամին մէջ:
Միւս կողմէ, Տիապ նախանցեալ երեկոյեան ընդունեց սննդամթերք ներածողներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալիի եւ ներկայութեամբ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Ռաուուլ Նաամէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սննդամթերքի մարզին վերաբերող հարցեր, յատկապէս սղաճին առնչուող, ինչպէս նաեւ սննդամթերք ներածելու կարողութիւնը սահմանափակող` տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի պաշտօնական սակի խախուտ վիճակին պատճառով:
Քննարկուեցան նաեւ քաղաքացիներուն ապրուստի բեռը մեղմացնելու միջոցները, որոնց շարքին որոշուեցաւ տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ պատրաստել տարրական սննդամթերքի ցանկ մը, ուր ներառուածները մատչելի սակերով պէտք է վաճառուին` նախարարութեան կողմէ կատարուելիք յատկացումներուն իբրեւ արդիւնք:
Նշենք, որ Տիապ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցէն` Մուսթաֆա Մատպուլիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու ու զարգացնելու կարեւորութիւնը: