Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան քաջ կը գիտակցի սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող խաղաղ մթնոլորտին կարեւորութիւնը, եւ իբրեւ այդպիսին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուող իսրայէլեան ցամաքային եւ օդային ոտնձգութիւնները կը նկատէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը խախտող քայլեր:
«Լիբանան յանձնառու կը մնայ հարաւային սահմաններուն վրայ հանդարտութիւնը պաշտպանելու աշխատանքին` լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործակցութեամբ», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն անդրադառնալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին, յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն իրականութիւնը այդ տագնապին հիմնական պատճառներէն մէկն է` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին տեղեկագիրին համաձայն Լիբանան մինչեւ 25 օգոստոս 2018 սուրիացի տեղահանուածներուն մէկ միլիառ տոլար տրամադրած է: «Այս գումարին վրայ կ՛աւելնայ Լիբանան-Սուրիա սահմաններու փակումին պատճառով լիբանանեան արտադրութիւններու արտածումին կասեցումը, որ 43 միլիառ տոլարի վնաս կը նկատուի լիբանանեան պետութեան համար, ինչպէս նաեւ անուղղակի այլ վնասներ», հաստատեց նախագահ Աուն:
Ան ընդգծեց, որ միջազգային օժանդակութիւնը պէտք է ըլլայ Լիբանանին հասած վնասին համապատասխան, որովհետեւ Սուրիոյ դէմ սանձազերծուած պատերազմէն սկսեալ մինչեւ օրս այդ պատերազմին հետեւանքները մաշեցուցած եւ սպառած են լիբանանեան գրեթէ բոլոր մարզերը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին հիման վրայ ներկայիս բանակցութիւններ կը կատարուին Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ` մաղթելով, որ այդ ծրագիրին բովանդական բարեկարգումները աստիճանաբար կը գործադրուին: «Կարեւորը այն է, որ արմատական բարեկարգումները արդէն իսկ սկսած են` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած հարցերը», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Քիւպիչ նախագահ Աունին փոխանցեց Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ կատարուած քննարկումներուն արդիւնքները, որոնք կը վերաբերէին թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մասին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի պատրաստած տեղեկագիրին:
Ան նշեց, որ Լիբանանի օժանդակող երկիրները հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են Լիբանանի կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական բարեկարգումին ծրագիրին նկատմամբ` աւելցնելով, որ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները տակաւին կը զօրակցին հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի գործունէութեան` թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան առումով:
Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, ընկերակցութեամբ` ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէի եւ նախկին նախարար Սալեհ Ղարիպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Լեռնալիբանանի իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ շարունակած են տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին քննարկումը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքը, յատկապէս` Լիբանանը տնտեսական եւ ելեւմտական իր տագնապէն փրկելու առումով:
Արսլան նշեց, որ փտածութեան դէմ սկսած պայքարը պէտք է շարունակուի եւ վերջ տրուի լիբանանեան պետութեան մէջ բոյն դրած փտածութեան համակարգին: