Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, յաղթանակով սկսաւ «Lindores Abbey Rapid Challenge» առցանց մրցաշարքին, որ կազմակերպուած է աշխարհի ճատրակի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընի կողմէ:
Արագ ճատրակի Ա. հանգրուանին, Արոնեան որ մրցեցաւ իրանցի Ալիռեզա Ֆիրուճայի դէմ, իր յաղթանակը արձանագրեց 51-րդ շարժումին:
Նշենք, որ անոր մասնակցողները կը կատարեն 11 հանգրուանի իրենց ճակատումները: Ապա, անոնցմէ ութ լաւագոյնները կ՛ապահովեն փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն իրենց տոմսը: