Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ «135 երկիրներ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար Թուրքիայէն բժշկական օգնութիւն խնդրեցին»` աւելցնելով, որ իր երկիրը մասնակի կերպով ընդառաջած է 81 երկիրներու խնդրանքին, «եւ ներկայիս մնացեալին օգնելու կարելիութիւնը կը քննենք»:
Ան յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իր ամերիկացի պաշտօնակից Մայք Փոմփէոյի հետ, եւ Միացեալ Նահանգներ 4000 քաղաքացիներ հեռացուցած են Թուրքիայէն, իսկ վերջինս մօտաւորապէս նոյնքան թիւով քաղաքացիներ` Միացեալ Նահանգներէն:
«Քորոնա» ժահրի համաճարակը ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներուն վրայ, եւ Թուրքիան ներկայ փուլին բազմաթիւ երկիրներու օգնեց», ըսաւ ան:
«Թուրքիան հզօր երկիր է եւ առողջապահութեան մարզին մէջ իր ներդրումներուն պտուղը կը քաղէ», նշեց Չաւուշօղլու:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «Աշխարհը «Քորոնա»-էն ետք պիտի փոխուի, որովհետեւ պետութիւնները ինքնաբաւութեան կը ձգտին, եւ երբ ատոր նկատմամբ դժուարութիւն կը գտնեն, կը դիմեն շրջանային ու միջազգային պլոքներու, եւ Թուրքիան «Քորոնա»-էն ետք այդ պլոքներուն մէջ գլխաւոր պետութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ»: