Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ 19 մայիսին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 218 նոր պարագայ` ընդհանուր թիւը հասցնելով 5041-ի, իսկ մահերը աւելցած են երեքով եւ հասած 64-ի:
Հիւանդութենէն ապաքինածներուն թիւը աւելցաւ 145-ով եւ հասաւ 2 հազար 164-ի:
Նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնին համաձայն, կատարուած քննութիւններուն ընդհանուր թիւը 43 հազար 41 է: Ներկայիս Հայաստանի մէջ ապաքինումի փուլի մէջ է 2 հազար 788 հոգի:
Արցախի մէջ պարէտի մամուլին հետ կապի պատասխանատու Սամուէլ Բալայեան յայտնեց, որ Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մէկ յաւելեալ դէպք արձանագրուած է: Այսպիսով, Արցախի մէջ վարակուածներուն թիւը հասաւ 29-ի, որոնց 8-ն արդէն ապաքինած են, մեկուսացման մէջ կը գտնուի 69 քաղաքացի, կատարուած է 581 քննութիւն: