Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը
Հասաւ 954-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 26,
Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 251
Լիբանանի մէջ արդէն իսկ տիրող ընդհանուր զօրաշարժը եւ երեկոյեան ժամը 7:00-էն առաւօտեան ժամը 5:00 տիրող կրակմարի դրութիւնը շատ հաւանաբար պիտի երկարի մինչեւ 7 յունիս` նկատի ունենալով Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ կառավարութեան յղուած յանձնարարութիւնը:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը կը հսկեն կրակմարի ժամերը յարգելու որոշումին, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներու զոյգ եւ անզոյգ թիւերու դրութեամբ երթեւեկին: Ֆահմի շեշտեց նաեւ դիմակներու գործածութեան եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը:
Այս պայմաններուն կողքին, «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրելու Գ. փուլի շրջագիծին մէջ երէկ իրականացուց վեց թռիչքներ` Քուէյթէն, Տոհայէն, Վրաստանէն, Փարիզէն, Ապիճանէն եւ Քոթոնոյէն:
Պէյրութ հասած բոլոր արտերկրի լիբանանցիները ենթարկուեցան «Փի.Սի. Ար.»-ի քննութեան եւ փոխադրուեցան համապատասխան պանդոկները, մինչեւ իրենց քննութեան արդիւնքը ստանալն ու ըստ այնմ իրենց բնակարաններուն թէ հիւանդանոցներուն մէջ 14 օրուան մեկուսացումի ենթարկուիլը:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 954-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 23 նոր վարակուածներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 251 ուրիշներ` ապաքինած:
Նախարարութեան համաձայն նախորդ 24 ժամուան ընթացքին տեղացիներուն շարքին արձանագրուած են 8 վարակուածներ, իսկ արտերկրի լիբանանցիներուն շարքին արձանագրուած են 15 վարակուածներ:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան շեշտեց, որ լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ կարգ մը շրջաններու ամբողջական շրջափակումը` նկատի ունենալով այդ շրջաններուն մէջ «Քորոնա» ժահրի ընդարձակ տարածումին պարագան:
Հասան ընդգծեց, որ Լիբանան կը գտնուի փոխանցման շրջանի փուլին մէջ, որուն ընթացքին բոլորին մասնակցութիւնը կարեւոր է ու անհրաժեշտ: «Այս փուլը յաջողցնելու իմաստով կարեւոր կը նկատենք քաղաքապետարաններուն եւ քաղաքացիական միութիւններուն դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ «միջին լուծումներ» կ՛որոնենք», հաստատեց Հասան` աւելցնելով, որ այս փուլին ընթացքին դիմակներու գործածութիւնը հիմնական է: