Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Սուրիոյ կացութիւնը եւ Իտլիպի շուրջ համաձայնութիւնները գործադրելու ջանքերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:
Քրեմլին հաղորդեց, որ երկու նախագահները նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են Լիպիոյ զարգացումներուն նկատմամբ:
Էրտողան եւ Փութին անհրաժեշտ նկատած են, Պերլինի միջազգային խորհրդաժողովի որոշումներուն հիմամբ, մնայուն զինադադարի հաստատումն ու լիպիացիներուն միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը:
Էրտողան Եւ Սարաժ Կը Քննարկեն
Թրիփոլիի Դէմ Յարձակումին Հետեւանքները
Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած ապահովական ու զինուորական գործակցութեան շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթը գործադրելու քայլերը:
Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը յայտնեց, որ Սարաժ եւ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին Լիպիոյ մէջ վերջին
զարգացումներն ու մայրաքաղաք Թրիփոլիի դէմ յարձակումին հետեւանքները, ինչպէս նաեւ գործակցութեան թղթածրարներն ու հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս զգուշացուցած էր, որ զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ուժերը «օրինական թիրախներ» պիտի նկատէ, «եթէ շարունակեն Լիպիոյ մէջ իր շահերուն ու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն դէմ յարձակումները»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ Թրիփոլիի արեւմուտքը գտնուող Մհէյթքա օդակայանին վրայ Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակի յարձակումները նկատեց «պատերազմական ոճիրներ»: