Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած նախկին նախարար Ղազի Արիտին:
Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ օրեր առաջ նախագահ Աունի եւ Ժոմպլաթի միջեւ քննարկուած կարգ մը հարցեր: