Յունաստան 15 մայիսէն սկսեալ վեց ամիսով ստանձնած է Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Աթէնք կ՛ուզէ իր նախագահութեան ծրագիրի առաջնահերթութիւնը դարձնել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Յունաստան Եւրոպական խորհուրդի նախագահի պաշտօնին կը փոխարինէ Վրաստանին, իսկ 18 նոյեմբերին նախագահութիւնը պիտի յանձնուի Գերմանիոյ:
Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Միլհիատիս Վարվիցիոթիս յայտարարած է, որ Աթէնք առաջնահերթութիւն պիտի դարձնէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, որովհետեւ ատիկա շատ արդիական հարց դարձած է յատկապէս «Քորոնա» ժահրի տարածման ժամանակաշրջանին եւ մեծ փոփոխութիւններ մտցուցած է առօրեայ կեանքին մէջ:
«Ատիկա մեզի ստիպած է վերատեսութեան ենթարկել մեր նախագահութեան ռազմավարութիւնն ու առաջնահերթութիւնները», յայտարարած է արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Անոր համաձայն, Յունաստան իբրեւ կեդրոնական նիւթ ընտրած է «Քորոնա» ժահրի պայմաններուն մէջ մարդկային կեանքի եւ հասարակական առողջութեան պաշտպանութիւնը, առողջապահութեան ոլորտին մէջ ճգնաժամի արդիւնաւէտ կառավարումը` յարգելով մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան սկզբունքներու եւ օրէնքի գերակայութիւնները»:
Յունաստանի նախագահութեան շրջանի կեդրոնական իրադարձութիւնը պիտի դառնայ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտի ստորագրման 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենայ 4 նոյեմբերին, Աթէնքի մէջ: