Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքէն կը տեղեկացնեն, թէ Արցախի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանը պիտի սկսի 21 մայիս 2020-ին:
Իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ նշուած է, թէ 21 մայիսի նիստը տեղի պիտի ունենայ Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ: