«Քորոնա» ժահրի ճգնաժամին պատճառով ստեղծուած անբնական պայմաններու լոյսին տակ, ինչպէս ամբողջ աշխարհը, նոյնպէս ալ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը նոր մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցան:
Այս կացութեան իբրեւ հետեւանք աշխատավայրերու փակումն ու ստեղծուած ծանր վիճակը ժողովուրդը դրին անել կացութեան առջեւ:
ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէն ճգնաժամի առաջին իսկ օրերէն, յարգելով ընկերային հեռաւորութեան եւ առողջապահական օրէնքները, սեղմ թիւով ընկերներու ներկայութեամբ ակումբը բաց պահեց առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը:
Շրջանի ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղին եւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին հետ գործակցաբար, առողջապահական կամ ժահրին հետ առնչուող որեւէ հարցով կոմիտէին դիմող հայորդիներուն հարկ եղած ցուցմունքները տալու պատրաստակամութիւն ցուցաբերուեցաւ: Ցանկագրուեցան կարիքաւոր ընտանիքներուն անունները:
ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէն իր շրջանի կարգ մը ընկերներու, բարեկամներու, ինչպէս նաեւ երկրէն դուրս գտնուող բարերարներու նուիրատուութիւններով կրցաւ գումար մը ապահովել կարիքաւոր ընտանիքներու սննդանիւթի եւ զանազան օժանդակութիւններու համար: «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին հետ գործակցաբար, 275 սննդանիւթի տուփեր տրամադրուեցան շրջանի հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ դիմորդներուն: