ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածումէն ետք, առաջին հայեացքով այն տպաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, թէ «աներեւոյթ թշնամի»¬ին դիմաց բոլորն ալ հաւասար են: Պատրանք մը, որ շուտով չքացաւ, երբ ի յայտ եկաւ, որ անոր նախընտրած որսերը հասարակութեան խոցելի անդամներն են` տարեցները, առողջապահական խնդիրներ ունեցողները, ինչպէս նաեւ անոնց «պահապանները»` առողջապահութեան ու ընկերային մարզի աշխատակիցները, որոնք դարձան անոր աննուղղակի, սակայն նկատառելի թիւով զոհերը:
Իր անյագ ախորժակը բաւարարելու համար ժահրը տարածուեցաւ քաղաքէ քաղաք, երկրէ երկիր եւ ցամաքամասէ ցամաքամաս` օգտագործելով համաշխարհայնացման ընձեռած դիւրութիւնները: Ստեղծուած կացութեան մէջ մեծ հարցականներ յառաջացան Եւրոպական Միութեան ճակատագիրին` իմա՛` համարկումի քաղաքականութեան գոյատեւման շուրջ: Պսակաձեւ ժահրը այդ քաղաքականութեան ճակատը զարդարեց ձախողութեան պսակով:
Ստեղծուած կացութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը մղեց յայտարարելու.«Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածումը ցոյց տուաւ, թէ համաշխարհայնացումի ժամանակաշրջանը աւարտած է»: Յայտարարութիւն մը, որ պայթեցաւ հիւլէական ռումբի մը պէս` նկատի ունենալով, որ զայն կատարողը հասարակ երկիրի մը ղեկավարը չէ, այլ աշխարհի միակ գերտէրութեան, ներկայ համաշխարհային համակարգի պահապան ու բուռն պաշտպան երկրի նախագահը, որ նոյն ատեն համաշխարհայնացուած համակարգէն մեծապէս օգտուած գործարար մըն է:
Հեղինակին կշիռն ու ազդեցիկ դիրքը անխուսափելի կը դարձնեն միջազգային գետնի վրայ այդ յայտարարութեան ունենալիք ազդեցութիւնն ու անկէ յառաջանալիք ալիքները: Ատիկա յայտարարութիւն մըն է, որ ո՛չ միջազգային, ո՛չ ալ ներքին բեմին վրայ անհետեւանք կրնայ մնալ:
Համաշխարհայնացումը Միացեալ Նահանգներու ընկերային-տնտեսական ու քաղաքական վերնախաւին հաւատամքն է, եւ դրամատիրութեան գերագոյն երազներուն ու նպատակներու մարմնացումը: Թրամփի` համաշխարհայնացումի ժամանակաշրջանի աւարտը գուժելը թերեւս շուտիկութիւն է, սակայն նաեւ քաղաքական սայթաքում մը, որուն համար վստահաբար շատ սուղ գին պիտի վճարէ Միացեալ Նահանգներու 3 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան ընթացքին, որովհետեւ իր այդ «հայհոյալից» խօսքով մեծ հարուած հասցուց ու վտանգեց երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած եւ արմատացած արժեհամակարգը, ուստի եւ թշնամացուց անոր երդուեալ պաշտպանները` Միացեալ Նահանգներու ընկերային-տնտեսական ու քաղաքական վերնախաւը: