Սպանական «AS» մարզաթերթը յայտնեց ըսելով, որ Էլչէի ֆութպոլիստները յայտարարեցին, որ սկսած են գործադուլի: Անոնց միացած են նաեւ ակումբին գրեթէ բոլոր աշխատակիցները:
Ֆութպոլիստները հրաժարեցան մարզուիլ, աշխատավարձի 30 տոկոսի կրճատման պատճառով:
Էլչէի ֆութպոլիստներն ու աշխատակիցները, «Քորոնա» ժահրի իրենց քննութիւնները կատարելէ եւ փորձերու վերսկսելէ ետք կ՛ակնկալէին, որ աշխատավարձի կրճատման որոշումը վերանայուի ակումբին ղեկավարութեան կողմէ, սակայն ցարդ այդ մէկը տեղի չէ ունեցած:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Էլչէ 46 կէտով կը գտնուի դասաւորման 6-րդ դիրքին վրայ: