Հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրեհեմ Ծերակոյտին ներկայացուցած է «Քորոնա» ժահրի պատասխանատուութեան վերաբերող օրինագիծը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կ՛արտօնէ պատժամիջոցներ հաստատել Չինաստանի դէմ, եթէ վերջինս «Քորոնա»-ի համաճարակի բռնկման մասին ամբողջական հաշուետուութիւն չտայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Հիլ»-ը:
«Ես վստահ եմ, որ եթէ չըլլար Չինաստանի համայնավար կուսակցութեան խաբէութիւնը, ապա այստեղ` Միացեալ Նահանգներու մէջ, ժահր չէր ըլլար: Չինաստանը կը մերժէ արտօնել միջազգային ընտանիքին հետաքննութիւն կատարելու համար Ուհանի տարրալուծարան մուտք գործել: Անոնք կը մերժեն մասնագէտներուն ուսումնասիրելու արտօնութիւն տալ, որպէսզի անոնք ճշդեն, թէ ինչպէս սկսած է հիւանդութեան բռնկումը: Ես համոզուած եմ, որ Չինաստանը երբեք պիտի չհամագործակցի լուրջ հետաքննութեան հարցին մէջ մինչեւ այն ատեն որ անոր չեն ստիպած: Այդ կոշտ օրինագիծը պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ Չինաստանի դէմ, այնքան ատեն որ ան տակաւին չէ համագործակցած», ըսած է ծերակուտականը:
Փաստաթուղթին համաձայն, Թրամփ 60 օրուան ընթացքին պէտք է Քոնկրեսին հաստատէ, որ Չինաստանը ամբողջական հաշուետուութիւն ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներուն` անոր դաշնակիցներուն կամ ՄԱԿ-ի կառոյցներուն կողմէ կատարուած որեւէ հետազօտութեան վերաբերեալ:
Բացի ատկէ, օրինագիծը Չինաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ փակել ծովամթերքի բոլոր շուկաները եւ ազատ արձակել այն գործիչները, որոնք Հոնկ Քոնկի մէջ ձերբակալուած են համաճարակի սկսելէն ի վեր` հակակառավարական ցոյցերու ժամանակ:
Ըստ հաղորդման, Թրամփին կ՛արտօնուի առանց հաւաստագրման ցանկէն ընտրել առնուազն երկու պատժամիջոց, ներառեալ որոշ չինացի պաշտօնատարներու հաշիւներու սառեցում, ճամբորդութիւններու արգելք, Չինաստանի որոշ քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագիրներու ջնջում եւ Չինաստանի քաղաքացիներուն ուսանողական մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման արգելք:
Պատժամիջոցները ուժի մէջ պիտի մնան մինչեւ Թրամփ հաստատէ, որ Չինաստան համագործակցած է հետաքննութեան հարցին մէջ, եւ որ երկիրի ծովամթերքի շուկաները փակուած են: