ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Այսօր մարդկային ընկերութիւնը ամբողջովին տարբեր հոգեվիճակի մէջ է, քան նախորդ ժամանակաշրջաններուն:
Ամէն մէկ ճգնաժամային իրավիճակ մարդ անհատին մօտ կը ստեղծէ տարբեր հոգեվիճակներ. հոգեվիճակներ, որոնք կը բխին մարդկային ընկերութեան վրայ ճգնաժամին պատճառած առարկայական թէ ենթակայական ազդեցութիւններէն:
Այսօր աւելի քան երբեւէ մարդկային հասարակութեան խիղճին մէջ դրոշմուած է ընկերային արդարութեան համամարդկային արժէքը: Տարբեր ընկերային դասակարգերու, սերունդներու, գոյներու, ցեղային խումբերու, սեռային պատկանելիութիւններու եւ կրօններու հետեւողներու մօտ զգալի կը դառնայ համերաշխութեան ձգտումը:
1980-ականներու սկիզբներէն ի վեր պահպանողական կառավարութիւնները ընթացք տուին նոր-ազատականութեան` հաւատալով, որ անիկա պիտի դառնայ տնտեսական աճի եւ բարօրութեան, փրկութեան միակ ու ճշմարիտ ուղին: Նոր-ազատականութիւն դաւանող կառավարութիւնները սկսան արագօրէն սեփականաշնորհել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հանրային սեփականութեան ընկերութիւնները, ցած հարկեր պարտադրել մեծ ընկերութիւններուն, դրամատնային հատուածին եւ միլիոնատէր ներդրողներուն: Անշուշտ յիշեալ քաղաքականութիւնները ստեղծեցին տնտեսական աճ, բայց այդ աճին արդիւնքը, եկամուտը արդարօրէն չբաշխուեցաւ հանրութեան. յաջողեցան ստեղծել բարօրութիւն, բայց միայն յօգուտ փոքր խումբի մը (միլիոնատէր դասակարգ): Շահաւոր եղաւ մեծահարուստը, որ, առանց ընդհանրացնելու, իր եկամուտը ստացած է կա՛մ ընտանիքէն ժառանգութեամբ, կա՛մ հարկային փախուստով, կա՛մ ալ իր հաւատարմութեան արժանացած նոր-ազատականներու կառավարութեան օգտին ցած հարկերու նուիրաբերութեամբ, իսկ վնասողը եղաւ հասարակ ժողովուրդը, որ իր օրապահիկը վաստկելու համար տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատի նուազագոյն աշխատավարձով, կը վճարէ իր արդար պարտքը հարկերուն, բայց նոր-ազատականներու խստամբերական քաղաքականութեանց պատճառով ան չի ստանար իր արդար իրաւունքները` բժշկութիւն, կրթութիւն, մաքուր օդ շնչել, արժանապատիւ աշխատավարձ, արհեստակցական միութեան անդամակցելու իրաւունք, վճարովի արձակուրդ եւ թոշակ:
Ինչպէս երէկ, նոյնպէս այսօր, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով դիմագրաւուած տնտեսական մարտահրաւէրներուն ընթացքին ալ պահպանողական կառավարութիւնները անտարբեր գտնուեցան հասարակ ժողովուրդին նկատմամբ:
Առնենք Ամերիկայի Հանրապետական կուսակցութեան (նոր-ազատականութեան մայր կուսակցութիւնը եւ համաշխարհային պահպանողական քաղաքական գաղափարախօսութեան բանբերը) օրինակը` բացայայտելու համար, թէ ինչպէ՛ս վերջինս հակազդեց «Քորոնա»-ի պատճառով ստեղծուած իրավիճակին:
Ամերիկացի հանրապետականները հանրածանօթ են իրենց կողմէ գիտական փաստերու ժխտումով, որուն պատճառները յստակ են բոլորին` կա՛մ քարիւղի ընկերութիւններէ, կա՛մ ալ կրօնական լոպիինկի խումբերէ նուիրատուութիւններ ստանալը: Անոնք առաջին օրէն իսկ լուրջի չառին «Քորոնա»-ի համաճարակը, ուշացան աշխատանքներու ընդհանուր դադրեցումը յայտարարելու, ժահրին տուին «Չինական ժահր» անունը` մեկնելով ցեղապաշտական դրոշմով համեմուած դաւադրական տեսութիւններէն, իսկ խթանիչ փաթեթներու ուղղութեամբ անոնց առաջնահերթութիւնները եղան մեծ ընկերութիւնները` անոնց շռայլ փոխատուութիւններ եւ հարկային վճարումներու մէկ տարուան սառեցումներ ապահովելով ու անտեսելով տնտեսութեան անիւը քալեցնող աշխատաւոր հասարակ ժողովուրդը:
Ովկիանոսէն անդին անոնց գաղափարակիցներուն քայլերը տարբեր չէին: Առնենք օրինակ Հունգարիոյ պահպանողական կառավարութեան քայլերը` վարչապետի անսահմանափակ յանձնարարութիւն, մէկ տարիէն հինգ տարի բանտարկութիւն բոլոր անոնց, որոնք կը տարածեն կառավարութեան աշխատանքը խափանող լուրեր, աւելի՛ն, վարչապետին իրաւասութիւն տալ առկախելու սահմանադրական օրէնքներ` մինչեւ արտակարգ դրութեան աւարտը:
Ինչպէս կը տեսնենք, ովկիանոսէ ովկիանոս ու ցամաքամասէ ցամաքամաս այս է պահպանողական կուսակցութիւններու տեսլականը` դիմագրաւելու «Քորոնա» ժահրի համաճարակին մարտահրաւէրը:
Իսկ յառաջդիմական կառավարութիւնները ի՞նչ միջոցներու դիմեցին, ի՞նչ էին անոնց առաջնահերթութիւնները խթանիչ փաթեթներու ծախսերուն վերաբերեալ:
Յառաջդիմական կամ կեդրոն-ձախ կուսակցութիւնները պատմութեան ընթացքին միշտ ալ եղած են ընկերային ու տնտեսական արդարութեան առաջամարտիկները` փորձելով բարելաւել հասարակ ժողովուրդին առօրեայ կեանքը` ձրի առողջապահութեան, ձրի կրթութեան, վճարովի արձակուրդի ընդլայնման, տարեցներու թոշակի ապահովման եւ այլ ընկերային օրէնսդրութիւններ որդեգրելու առումով:
«Քորոնա» ժահրի համաճարակը եկաւ իբրեւ քննութիւն փաստելու, որ կեդրոն-ձախ կուսակցութիւնները որքանո՛վ կրնան կառավարել տնտեսութիւնը եւ, հակառակ պահպանողականներուն, հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել տնտեսական աճի ու ընկերային արդարութեան միջեւ:
Ովկիանոսէ ովկիանոս եւ ցամաքամասէ ցամաքամաս, յառաջդիմական կառավարութիւնները որդեգրեցին իրենց խթանիչ փաթեթները` մղում տալով պիւտճէական ծախսերուն:
Քանատան աւելցուց երեխաներուն տրամադրած նիւթական վճարումները, 500-ական քանատական տոլար (մօտաւորապէս 372 ամերիկեան տոլար) տրամադրեց 16 շաբաթներու ընթացքին (շաբթական դրութեամբ տրամադրելի) այն մարդոց, որոնք կորսնցուցին իրենց եկամուտները, 157 միլիոն քանատական տոլարի (մօտաւորապէս 112.502.636 ամերիկեան տոլար) յատկացում կատարեց անոնց, որոնք տնազրկութեան վտանգի մէջ են, ընտանեկան բռնութեան ենթարկուած կիներուն ապաստան տուող կեդրոններուն յատկացուց 50 միլիոն քանատական տոլար (35.828.865 ամերիկեան տոլար): Նոր Զելանտան 500 նոր զելանտական տոլար (304.149.940 ամերիկեան տոլար) ներդրում կատարեց առողջապահական մարզին մէջ, 126 միլիոն նոր զելանտական տոլար (մօտաւորապէս 76.645.784 ամերիկեան տոլար) ապահովեց վճարովի արձակուրդներուն համար, 2,8 միլիառ նոր զելանտական տոլար (1.703.239.664 ամերիկեան տոլար) յատկացուց կարիքաւոր ընտանիքներուն, 6,25 միլիառ նոր զելանտական տոլար (3.801.874.250 ամերիկեան տոլար) ապահովեց միջին ու փոքր ձեռնարկութիւններուն, 27 միլիոն նոր զելանտական տոլար (մօտաւորապէս 16.424.096 ամերիկեան տոլար) ապահովեց ընկերային ծառայութիւն մատուցող կեդրոններուն: Շուէտը իր կարգին շրջաններուն 22 միլիառ քրոն (2.212.812.140 ամերիկեան տոլար) տրամադրեց իր գարնանային պիւտճէի ծախսերէն` ծախսելու համար առողջապահութեան ու ընկերային ծառայութիւններու վրայ, մէկ միլիառ քրոն (100.582.370 ամերիկեան տոլար) ապահովեց մարզական եւ մշակութային կեդրոններուն, հինգ միլիառ քրոն (502.911.850 ամերիկեան տոլար) ապահովեց օդանաւային ընկերութիւններուն, Շուէտի Կեդրոնական դրամատունը տրամադրեց 500 միլիառ քրոն (50.291.185.000 ամերիկեան տոլար)` իբրեւ ընկերութիւններուն փոխատուութիւններ:
Ահաւասիկ այսպիսով կ՛ունենանք երկու տեսլականներ. առաջինը առաջնահերթ կը նկատէ մեծ ընկերութիւններն ու դրամատուները եւ շուկային կանաչ լոյս կու տայ առանց որեւէ պետական հսկողութեան գործելու, իսկ երկրորդը` պետական հսկողութեամբ գործող շուկայական տնտեսութիւն մը, որ մէկ կողմէ կ՛ապահովէ տնտեսական աճ, իսկ միւս կողմէ հարստութեան արդար բաշխումով կը հոգայ ժողովուրդին բարօրութիւնը:
Այսօրուան թէ՛ յառաջդիմական, թէ՛ ալ պահպանողական կառավարութիւններուն որդեգրած խթանիչ փաթեթները պիտի հաստատեն, որ վաղուան տնտեսական վերելքէն որո՞նք պիտի օգտուին` դրամատուներն ու մեծ ընկերութիւննե՞րը միայն, թէ՞ դրամատուները, մեծ ընկերութիւններն ու հասարակ ժողովուրդը, եւ ապագային ինչպէ՞ս պիտի նախատեսուի այլ տնտեսական ճգնաժամի մը կանխարգիլումը` դարձեա՞լ կուրօրէն վստահելով շուկային, որ իր կարգին սնանկութեան պիտի մատնէ ամբողջ համաշխարհային տնտեսական համակարգը, թէ՞ պետութեան կողմէ հսկուած շուկայական ու յստակ ընկերային ուղղուածութիւն ունեցող տնտեսութեամբ: