Իտլիպի հարաւը գտնուող Հալէպ-Լաթաքիա մայրուղիին վրայ Արիհա կամուրջին մօտէն անցնելուն ընթացքին ռուս-թրքական հսկողութեան խումբին մօտ ինկած են շարք մը ռումբեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Գործիչներ յայտնած են, որ հրթիռները ինկած են հսկողութեան խումբին մօտ, որ պահ մը կանգնած է, երբ զինեալ խմբաւորումներու կարգ մը համակիրներ անոր ճամբան փակած են եւ արգելք հանդիսացած, որ ճամբան շարունակէ դէպի Արիհա քաղաք:
Թրքական բանակի անդամները դուրս եկած են զրահապատ մեքենաներէն ռուս զրահապատ մեքենաներուն առջեւ ճամբան բանալու եւ Սարաքեպի արեւմուտքը գտնուող Թառնապա գիւղ վերադառնալու համար:
Աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, թէ ռումբերը ինկած են, երբ ռուսական երկու զրահապատ մեքենաներէ եւ թրքական երեք զրահապատ մեքենաներէ բաղկացած հսկողութեան խումբին առջեւ ճամբան փակուած է, եւ անոնց կանգնած վայրէն քանի մը մեթր անդին «Առ.Փէ.Ժէ»-ներ ինկած են` առանց որեւէ վնաս պատճառելու:
«Մայատին»-ի տեղեկութեան համաձայն, նոյն պահուն Հայաաթ Թահրիր Շամ զինեալ խմբաւորումի զրահապատ մեքենաներ կը գտնուէին Ժըսր Արիհայի եւ Մայպին գիւղին մէջ:
Ամբողջ շրջանը կը գտնուի Հայաաթ Թահրիր Շամի վերահսկողութեան տակ, եւ ցոյց կատարողները երկու ժամ առաջ փոքր փոխադրակառքերով բերուած են նշուած վայր:
Ըստ «Իտլիպ Փլաս» թուիթըրեան էջին, ցուցարարները հսկողութեան խումբին ուղղութեամբ հաւկիթներ նետած են: Թուրք զինուորները լուսաձայնային ռումբեր օգտագործած են` ցրուելու համար ցոյց կատարողները, այնուհետեւ ալ լսուած է պայթում մը: