Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Հիւանդապահներու միջազգային օրուան առիթով, դիմատետրեան իր էջով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «12 մայիսին զուգադիպող հիւանդապահներու միջազգային օրուան առիթով, կը սեղմեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ ձեռքը եւ յոտնկայս կը յարգեմ մարդուն եւ հայրենիքին համար ձեր կատարած զոհողութիւնները: Ձեր տօնը շնորհաւոր: Դուք կը մնաք նուիրումի եւ զոհողութեան ոգին»: