ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը բաց նամակ ուղղած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Անտրիա Վիքթորինին` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հրապարակումին վերաբերեալ:
Նամակը ուղարկուած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի կողմէ եւ անոր մէջ նշուած է:
«Յարգելի՛ տիկին դեսպան,
Ձեզի կը գրեմ իբրեւ համաեւրոպական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, որ կը ներկայացնէ Եւրոպայի` հայկական ծագում ունեցող քաղաքացիներու գլխաւոր հատուած մը: Անոնցմէ շատերը Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներ են:
24 ապրիլ 2020-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օրուան առիթով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը «Թուիթըր»-ի վրայ կատարեց հրապարակում, որուն մէջ, ի տարբերութիւն 2019, 2018, 2017, 2016 թուականներուն, խուսափած էր «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելէ` փոխարէնը ոչ միանշանակօրէն յիշատակելով «ողբերգական իրադարձութիւններ» արտայայտութիւնը:
Հրապարակման նպատակը թերեւս Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելն էր: Սակայն, որպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդներ, ես եւ մեր կազմակերպութեան բազմաթիւ անդամներ ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան այս հրապարակումը յաւուր պատշաճի յարգանքի տուրք չի մատուցեր Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն անմեղ զոհերուն: Ցաւօք, ձեւակերպումը ճշգրտօրէն չ՛արտացոլացներ այն, ինչ որ Օսմանեան կայսութեան հայերը ապրած եւ անցուցած են: Աւելի՛ն, անիկա վտանգաւոր աստիճանի անորոշ եւ մոլորեցնող ստորադասում է: Հայոց ցեղասպանութեան անկեղծ եւ ընդունելի յիշատակումը կը պահանջէ ճշմարտութեան ընդունում եւ բարձրաձայնում:
Ինչպէս գիտէք, 2015-ին Եւրոպական խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ընդունեց բանաձեւ, որով ամրապնդեց 1987-ի իր դիրքորոշումը, եւ որով կրկին պաշտօնապէս ճանչցաւ, դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ` առերեսուելու իր անցեալին հետ: 9 դեկտեմբեր 2019-ին` Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրը, Արտաքին գործողութեան Եւրոպական ծառայութիւնը եւս յիշատակեց Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Որպէս Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներ` հաւատացած ենք, որ Եւրոպական Միութեան գլխաւոր առաւելութիւններէն մէկը մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան պահպանման յանձնառութիւնն է: Ուստի, մենք լիայոյս ենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը վկայակոչելով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը կ՛օգտագործէ կատարուածի իրական տարողութիւնը արտացոլող եզր»: