Ինքնաշարժերու աշխարհի ախոյեանութեան՝ «Ֆորմիւլա-1»-ի կազմակերպիչները չեն բացառեր, որ 2020 տարեշրջանը ամբողջութեամբ կրնայ ջնջուիլ:
«BBC» կը յայտնէ ըսելով, որ վերոնշեալ կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը, «կրան-փրի»-ներուն վերսկսման համար ոչ մէկ երաշխիք չունի, բայց որոշ քայլեր կը կատարէ, տարեշրջանը սկսիլ յառաջիկայ 5 յուլիսին, Աւստրալիոյ «կրան-փրի»-ով:
Վերջերս, միջազգային մարզական մամուլը այտնած էր ըսելով, որ Հունգարիոյ «կրան-փրի»-ն կրնայ կատարուիլ առանց հանդիսատեսներու, կամ առհասարակ՝ բնաւ չկատարուիլ:
Ըստ նախապէս հրապարակուած յայտագիրին, անիկա սկզբունքով պէտք էր կատարուէր յառաջիկայ 2 օգոստոսին: Սակայն, «Քորոնա» ժահրին պատճառով անոր կայացումը եւս հարցականի տակ է:
Նշենք, որ վերջերս յետաձգուած «կրան-փրի»-ներու կարգին եղան նաեւ՝ Ֆրանսայի եւ Մոնաքոյի «կրան-փրի»-ները, որոնք այսպիսով միացան, արդէն իսկ յետաձգուած՝ Աւստրալիոյ, Պահրէյնի, Վիեթնամի, Քանատայի, Չինաստանի, Նիտըրլենտներու, Սպանիոյ եւ Ազրպէյճանի վազքուղիներուն: