«ՖԻՏԷ»-ին կողմէ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած ճատրակի «Ազգերու Լիկա»-ի առցանց մրցաշարքին տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Չինաստան, որ աւարտականի մրցումին 2-2 հաւասարութիւն մը արձանագրեց Միացեալ Նահանգներու դէմ:
Հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան սակայն, Չինաստան ինք է որ հռչակուեցաւ ախոյեան, նկատի ունենալով որ անիկա կարգ մը կարեւորագոյն մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրեց համապատասխան խաղատախտակներու վրայ:
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի հաւաքականին, որուն մաս կազմէ հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, անիկա գրաւեց երրորդ դիրքը: Խումբին մարզիչն էր, աշխարհի 13-րդ ախոյեան՝ Կերի Գասպարով:
Վերոնշեալ երեք հաւաքականներէն բացի մրցաշարքին մասնակցեցան՝ Ռուսիոյ, Հնդկաստանի եւ աշխարհի հաւաքականները: